ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
-Սուրիոյ պասքեթի տղոց Բ. Դասակարգի ախոյեանութեան շրջագիծին մէջ,  ՀՄԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի պասքեթի տղոց խումբերը տպաւորիչ արդիւնքներով փոխանցուեցան աւարտական քառեակի փուլ: ՀՄԸՄ-ի կազմը Ֆէյհաաին հետ երեք անգամ հանդիպեցաւ: Դամասկոսի մէջ խումբը պարտուեցաւ 74 – 60 արդիւնքով, որմէ ետք զոյգ խումբերը կրկին հանդիպեցան Հալէպի մէջ, ուր ՀՄԸՄ-ը կրցաւ յաղթական դուրս գալ մրցումէն՝ 81 – 60 եւ 67 – 52 արդիւնքներով: ՀԵԸ-ի տղոց կազմը նոյն փուլի մրցումներուն դարձեալ կրցաւ յաղթական աւարտել Նասրի հետ իր երկու հանդիպումները՝ 114 – 94 եւ 74 – 99 արդիւնքներով:
-Սուրիոյ պասքեթի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն, ՀՄԸՄ-ի աղջկանց կազմը շարունակելով իր յաղթական երթը կրցաւ 51 – 39 արդիւնքով պարտութեան մատնել Սալամիէն, ինչպէս նաեւ 63 – 26 արդիւնքով յաղթեց Մահարտէին եւ գրաւեց խմբակի առաջին դիրքը:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ԱՆԱՍՏԱՍԻԱ ՏԷՄՈՒՐՃԵԱՆ ԱՇԽԱՐՀԻ ԱԽՈՅԵԱՆ ԴԱՐՁԱՒ
Ռուսիոյ դրօշին տակ հանդէս եկող հայազգի մարզուհի Անաստասիա Տէմուրճեան Հնդկաստանի մէջ աւարտած բռնցքամարտի կանանց աշխարհի առաջնութեան յաջողեցաւ տիրանալ ախոյեանութեան եւ նուաճել ոսկի մետալ: Մինչեւ 70 քկ.  ծանրութեան եզրափակիչ մրցումին, ան յաղթեց Աւստրալիոյ ներկայացուցիչ Ֆրենսիս Սքոթ Քայէին:
Անաստասիա Տէմուրճեան ծնած է 2004-ին: Ան կը բնակի Անապա։ Անաստասիայի հայրը հայ է, մայրը՝ ռուս: Հոկտեմբեր 2022-ին, Տէմուրճեան դարձած էր Ռուսիոյ ախոյեան կանանց մինչեւ 70 քկ. ծանրութեան։ Յիշեցնենք, որ Հայաստան այս առաջնութեան  ներկայացուցած  էր 6 մարզուհի:
ԳԱԳԻԿ ՄԿՐՏՉԵԱՆ ԴԱՐՁԱՒ ԾԱՆՐԱՄԱՐՏԻ ԱՇԽԱՐՀԻ ԱՐԾԱԹԷ ՄԵՏԱԼԱԿԻՐ
Ալպանիոյ Տիւրէս քաղաքին մէջ ընթացող ծանրամարտի աշխարհի առաջնութեան մրցումներու վերջին օրը, Հայաստանի հաւաքականը նուաճեց հերթական մետալը: Տղոց 313 քկ. ծանրութեան հայ  մարզիկ Գագիկ Մկրտչեան երկամարտի 139+174 արդիւնքով գրաւեց 2-րդ տեղը եւ արժանացաւ արծաթէ մետալի: Պոկումի վարժութեան ան նուաճեց պրոնզէ, իսկ հրում վարժութեան՝ արծաթէ մետալ: Աշխարհի ախոյեան դարձաւ վրացի Իրակլի Վեկուան, որ  կրցաւ բարձրացնել 320 քկ. ծանրութիւն:
Պատրաստեց Ռաֆֆի Սիւլահեան