8 Ապրիլին, Քանատայի Արեւմտեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչներ Վահէ Անտոնեան, Սեւան Յակոբեան, Ճէք Յակոբեանը, Վաննեսա Պարտաքճեան եւ Վահէ Յակոբեան մասնակցեցան Վանգուվըրի SUCCESS բարեսիրական հիմնարկի 50-ամեակի հանդիսութեան: Քանատական բարեսիրական կազմակերպութեան յոբելենական հանդիսութեան համանախագահ էր Վահէ Յակոբեան։
Հայ Դատի յանձնախումբի գործիչները վերոնշեալ հանդիսութեան ընթացքին առանձնազրոյցներ ունեցան քաղաքական պաշտօնատարներու հետ։ Այս ծիրէն ներս հանդիպումներու շարքին էին Պրիթիշ Գոլոմպիա նահանգի վարչապետ Տէյվիտ Էպիի, Քանատայի Միջազգային զարգացման նախարար Հարճիթ Սաճանի, խորհրդարանի անդամ Փարմ Պէյնզի, Պրիթիշ Գոլոմպիա նահանգի նախարարներ Պրուս Ռալսթընի եւ Էն Քանկի, նահանգային խորհրդարանի ընդդիմութեան ղեկավար Քեւին Ֆալքընի, Վանգուվըրի քաղաքապետ Քէն Սիմի եւ Ռիչմընտի քաղաքապետ Մալքոլմ Պրոտիյի հետ կայացած հանդիպումները:
Հայ Դատի յանձնախումբի անդամները իրենց խոր մտահոգութիւնը յայտնեցին Արցախի աւելի քան հարիւրօրեայ շրջափակման գծով եւ Ատրպէյճանի կողմէ արցախահայութեան և Հայաստանի դէմ ուղղուած իրավիճակը ապակայունացնող գործողութիւններուն առնչութեամբ։ Նախարար Սաճանին եւ պատգամաւոր Պէյնզին փոխանցուեցաւ, որ Հայ Դատի յանձնախումբը բարձրօրէն կը գնահատէ Քանատայի կառավարութեան կողմէ Ատրպէյճանին ուղղուած շրջափակումը դադրեցնելու եւ միջազգային պարտաւորութիւններուն հաւատարիմ մնալու կոչերը, սակայն յանձնախումբը միաժամանակ կը փափաքի, որ Քանատան ազդու քայլեր ձեռնարկէ դիւրաբեկ խաղաղութիւնը պահպանելու համար: Նախարար Սաճան խոստացաւ հարցը բարձրացնել Քանատայի կառավարութեան յառաջիկայ նիստին։
Պրիթիշ Գոլոմպիոյ վարչապետ Տէյվիտ Էպիին նոյնպէս զեկուցուեցաւ քաղաքական առկայ իրավիճակին մասին, եւ նշուեցաւ, թէ ինչպէս նախորդ նահանգային վարչապետ Ճան Հորկընը՝ Քանատայի վարչապետին ուղղուած նամակով լուսարձակի տակ առած էր Արցախի հիմնահարցը: Վարչապետ Էպի խոստացաւ Հայ Դատի յանձնախումբին հետ համագործակցելով շարունակել նախկին վարչապետ Հորկընի Արցախի գծով տարուող քաղաքական ջանքերը: