Կուսակցական, անկուսակցական եւ նման եզրեր.
փորձ՝ լաւ հասկնալու համար
Մեր հասարակական կեանքին մէջ կան շարք մը բառեր, որոնց իմաստը ժամանակի ընթացքին կը ստանայ այնպիսի դարձուածքներ, կը մեկնաբանուի այնպիսի զարտուղի ձեւերով, որ անհրաժեշտ է պարբերաբար վերադառնալ անոնց ու փորձել հասկնալ զանոնք ու ըմբռնել իրենց սկըզբնական, հարազատ առումով։
Այդ եզրերէն մէկն է «կուսակցական» բառը՝ իր առնչակից քանի մը բառերով, որոնք կը կարօտին ճշգրտումի։
Բառին արմատը «կոյս»-ն է, ոչ մեր գործածած սովորական իմաստով, այլ իր միւս՝ «կողմ» նշանակութեամբ, որ աշխարհաբառը գրաբարէն ժառանգած է ու կ’երեւի այնպիսի արտայայտութիւններու մէջ, ինչպէս՝ «յայս կոյս» կամ «յայն կոյս» («այս կողմ» կամ «այն կողմ») կամ բարդ բառերու, ինչպէս՝ «մեկուսի», «քառակուսի» եւ այլն։
Արդ, իր այդ «կողմ» իմաստէն է, որ յառաջացած է նաեւ «կուսակցութիւն»-ը, որ նոյն կողմի պատկանողներու հաւաքականութիւն մըն է եւ այսօր առանձնաբար կը գործածուի մասնաւորաբար «երկրի մը քաղաքական կեանքին բաղադրիչ կազմակերպութիւն» իմաստով, մինչ այլ լեզուներ, ինչպէս՝ անգլերէնը կամ ֆրանսերէնը, երկու բառով կ’արտայայտեն այդ իմաստը (political party, parti politique) կամ կը կցեն անոր անուան (Liberal party, Parti conservateur եւ այլն)։
Նոյնն է պարագան «կուսակցական» բառին, որ կողմի մը մաս կազմող կամ պատկանող կը նշանակէ, այսօր՝ քաղաքական կուսակցութեան մը անդամ եւ կը գործածուի իբր առանձին եզր, մինչ միւս երկու լեզուներու պարագային պէտք է նշել անդամ եզրին հետ (political party member, New Democratic Party member, membre d’un parti politique, membre du Parti quռbecois եւ այլն)։
Քաղաքակիրթ ու ժողովրդավար համարուող կամ ինքզինք այդպիսին յաւակնող պետութիւններու քաղաքական կեանքը կազմակերպուած է տարբեր ուղղութիւններ որդեգրող  կամ գաղափարականներու հաւատացող կուսակցութիւններու ճամբով, կուսակցութիւններ, որոնք երկրին սահմանադրութեան համաձայն պարբերաբար կը մասնակցին ընտրութիւններու, եւ ըստ իրենց ստացած քուէներուն ու ձեռք ձգած աթոռներուն՝ կը կազմեն խորհրդարանը եւ առանձնաբար կամ իրարու հետ դաշնակցելով՝ կառավարութիւնը։ Կառավարման այս ձեւով կը գործեն նաեւ շատ երկիրներ, որոնք ոչ այնքան ժողովրդավար են, սակայն այդպէս կը ձեւանան, բազմակուսակցական կ’ուզեն երեւիլ, սակայն իրողութեան մէջ յաճախ կը գտնուին իշխող բռնապետական ուժի մը տիրապետութեան տակ, ուր կուսակցութիւնները անուանական գոյութիւն մը կը պահեն։ Գիտենք նաեւ, որ խորհրդային վարչակարգի ներքեւ կը գործէր միակուսակցական համակարգ։
Կուսակցութիւնները քաղաքական կեանքին ծառայելու միջոց են, անշահախնդրաբա՛ր, ոչ աւելին։ Անոնք նոյն երկրի գործերը լաւագոյնս վարելու եւ երկիրը զարգացնելու իրենց ծրագիրներով կը ներկայանան հանրութեան, կը վաստկին անոր վստահութիւնը ու կը գործեն։
Չարաշահումները, սեփական (կուսակցական, յաճախ նաեւ անհատական) եւ ոչ հաւաքական շահերու հետապնդումները մարդկային յոռի երեւոյթներ են, որոնք կը պատահին երբ տուեալ հաւաքականութիւն մը նախանձախնդիր չ’ըլլար երկրի ղեկավարութիւնը յանձնելու այն կուսակցութիւններուն, որոնք ծառայելու փոխարէն իշխել կը ձգտին։
Աւելցնեմ, որ բնական պայմաններու մէջ պետութեան մը բաղադրիչ կուսակցութիւնները թշնամիներ չեն, կրնանք ըսել հակառակորդներ են, թէեւ հիմա այդ բառն ալ աւելի ժխտական կը հնչէ, ուստի կը գործածուին «ընդդիմադիր» կամ «մրցակից» եզրերը։ Ի վերջոյ, նոյն երկրի քաղաքացիներ են անոնց անդամները, երբեմն նոյնիսկ սերտ բարեկամներ, խնամիներ, եւ խորհրդարանէն դուրս կրնան ունենալ մարդկային սովորական, սիրալիր, սերտ կամ այլ յարաբերութիւններ։
Կայ նաեւ այլ բառ մը, որ շատ չի գործածուիր մեր լեզուին մէջ, նաեւ կրնայ շփոթուիլ յաճախ «կուսակցական» բառին հետ, այդ՝ «կուսակից» բառն է, որ կը տրուի ոչ թէ կուսակցութեան անդամին, այլ անոր, որ կուսակցութեան մօտ է. անգլերէնին ու ֆրանսերէնին մէջ այդ «partisan» եզրն է, որ կը նշանակէ «համախոհ» կամ «կողմնակից», ու ներկայիս հայերէնին մէջ փոխարինուած է «համակիր» բառով։
Կուսակցութեան մը հիմնական ուժը իր անդամներն են, կուսակցականները, սակայն կուսակցութեան ներուժը իր համակիրներուն մէջ կը կայանայ, քանի որ անոնց անմիջական ու անսակարկ մասնակցութեամբ ու աջակցութեամբ է, որ կուսակցութիւն մը կրնայ իրականացնել իր ծրագրերը։
Այստեղ կ’ուզեմ նշում մը ընել։ Հայ կեանքին մէջ եւ ոչ միայն հայ կեանքին, ոմանք ժխտական աչքով կը տեսնեն կուսակցական ըլլալու գաղափարը։ Կը մեկնաբանեն կողմնակալութեամբ ու կը կարծեն, թէ մաս չկազմելով կուսակցութեան մը՝ իրենք աւելի առաքինի կ’ըլլան, աւելի՛ հայ… Իրականութիւնը, սակայն, հակառակն է։ Այստեղ երկու եզրեր նկատի առնենք՝ անկուսակցական եւ չէզոք։
Անկուսակցական ըլլալ կը նշանակէ կուսակցութեան մը չպատկանիլ, սակայն չի նշանակեր կուսակցութեան մը համակիր չըլլալ։ Համակիրը չ’ենթարկուիր կուսակցութեան մը կանոնագրին, անոր անդամակցութեան պայմաններուն ու որոշումներուն։ Սակայն ընդհանրապէս համախոհ կ’ըլլայ անոր, յատկապէս գործունէութեան այս կամ այն երեսին, մանաւանդ անոր գաղափարականին։ Չէզոքը (այսինքն՝ ոչ ոք եղողը) ոչ մէկ կուսակցութեան համակիր է, ոչ մէկ կուսակցութեան օժանդակելու հակամէտ։ Չի նշանակեր, որ ի՛ր ճամբով, իր հասկցած ձեւով չի կրնար ծառայել հանրութեան, իր ազգին, սակայն մաս չի կազմեր քաղաքական կողմնորոշում ունեցող հաւաքականութեան մը։ Չունի յանձնառութիւն, գէթ ընդհանրապէս չունի՝ որեւէ կազմակերպութեան նկատմամբ, որեւէ կազմակերպութեան հետապնդած նպատակներուն իր մասնակցութիւնը բերելու առնչութեամբ։
Մինչդեռ կուսակցականը ի սկզբանէ, դաշնակցականին պարագային նաեւ հաւաքականութեան առջեւ հանդիսաւոր երդմամբ՝ յանձնառո՛ւ անձ մըն է։ Այդ յանձնառութեամբ է, որ ան կը տարբերի համակիրէն, անկուսակցականէն ու չէզոքէն։
Կ’արժէ ընել նաեւ երկրորդ նշում մը։ Իմ տեսածովս՝ Գանատայի մէջ տեղական կուսակցութեան մը անդամ ըլլալը կը սահմանափակուի տարեկան խորհրդանշական անդամավճար մը կատարելով (որուն մէկ մասն ալ ան ետ կը ստանայ տրազերծման ճամբով), մինչդեռ մեր պարագային գոնէ դաշնակցականին համար կան ա՛յլ պարտաւորութիւններ՝ ժողովներու եւ աշխատանքներու մասնակցութիւն եւ այլն։ Իսկ որոշումները վարէն վեր կ’երթան, ոչ թէ՝ վերէն վար։ Գանատայի կուսակցութիւններու անդամներու մեծամասնութիւնը մասնակից անգամ չէ որոշումներու կայացման մէջ, կ’ընդունի ինչ որ փոքրամասնութիւնը կ’որոշէ։ Եթէ չընդունի, համաձայն չըլլայ, կրնայ հրաժարիլ, այլ կուսակցութեան մը միանալ կամ  նոր կուսակցութիւն մը հիմնել, բայց չի կրնար դաւանիլ պատկանիլ նոյն կուսակցութեան, մանաւանդ գործել անոր անունով։
Յաւելուածաբար, շատերու համար կուսակցութեան մը նիւթապէս օգնելը միջոց կը նկատուի՝ պետական գանձէն օգտուելու, անձնական առաւելութիւն մը ձեռք ձգելու համար։ Ոչ մեր, գոնէ Դաշնակցութեան պարագային, ուր նման ակնկալութիւններով եկողը սխալ դուռ զարկած պիտի ըլլայ, իսկ նման ակնկալութիւններ սնուցող մարմինը կուսակցութեան անյարիր կեցուածքի մէջ պիտի գտնուի։ Անշահախնդիր ծառայութեան համար դաշնակցական կ’ըլլան, պէտք է ըլլան, միա՛յն, ոչ այլ նպատակներով։
Մէկ նկատառում եւս՝ փակելէ առաջ այս մտորումները։
Հայ ազգային կուսակցութիւնները, իրենց գործելակերպի ու գաղափարականի տարբերութիւններով հանդերձ՝ նոյն ազգին գերագոյն նպատակին՝ գոյապահպանման ու զարգացման կը ծառայեն։ Անոնք մնայուն գործակիցներ են, ըլլալու են, պիտի ըլլան միշտ։ Այլապէս ոչ հայ կրնան համարուիլ, ոչ ալ՝ ազգային։
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
«Դրօշակ»