Աշխատանքային այցելութեամբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ գտնուող՝ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանն այցելած է Հայ Դատի Ամերիկայի Յանձնախումբի Ուաշինկթընի կեդրոնական գրասենեակ եւ աշխատանքային քննարկումներ ունեցած է Ամերիկայի մէջ հայկական շահերու պաշտպանութեան, Հայ Դատի յանձնախումբի գործունէութեան հիմնական ուղղութիւններուն շուրջ՝ մասնաւորապէս «Ազատութեան Աջակցութեան Շարժումի» 907-րդ յօդուածի պահանջներու կատարման, Ատրպէյճանին տրամադրուող ամերիկեան զինուորական օժանդակութեան դադրեցումին, պատերազմական յանցագործութիւններուն համար Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան նկատմամբ պատժամիջոցներ կիրառելուն եւ այլ հարցերուն մասին։

Իշխան Սաղաթէլեան չափազանց բարձր գնահատած է Հայ Դատի յանձնախումբի գործունէութիւնը՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ հայկական շահերու պաշտպանութեան, Ամերիկայի հայկական ժառանգութեան պահպանման եւ զարգացման, երիտասարդութիւնը կրթելու եւ առհասարակ հայապահպանութեան համար։

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակ

16.04.2023 թ.