Նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին, Չորեքշաբթի, 13 Ապրիլ 2023-ի երեկոյեան, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընկերական հանդիպում մը ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի հետ:

Հանդիպումին մասնակցեցան ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Արցախի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեան, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի եւ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի անդամներ:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Բիւրոյի եւ Կեդրոնական Կոմիտէի նախկին ընկերներ, Լիբանանի բոլոր կոմիտէներու կազմերը, ԼԵՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան, ԶՈՄ-ի Վարչութեան եւ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր Վարիչ Մարմինի կազմերը, Կեդրոնական Կոմիտէի մարմիններու եւ յանձնախումբերու անդամները, «Ազդակ»-ի խմբագիրները եւ համայնքի կառոյցներուն եւ ուղեկից միութիւններու մէջ պատասխանատուութիւն ստանձնած ընկերներ եւ ընկերուհիներ:

Շուրջ երեք ժամ տեւած հանդիպումին, Յակոբ Տէր Խաչատուրեան անդրադարձաւ հայաստանեան եւ արցախեան ներկայ հիմնախնդիրներուն եւ կուսակցութեան կազմակերպական օրակարգերուն: Ընկերոջ զեկուցումէն ետք տեղի ունեցաւ զրոյց-քննարկում: