Հայոց Ցեղասպանութեան 108-ամեակին, յարգելով մեր 1,5 միլիոն սրբադասուած նահատակներուն յիշատակը եւ շարունակելով մեր արդար դատի պահանջատիրական երթը, Երկուշաբթի, 24 Ապրիլ 2023-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ազգ. Գերեզմանատան Ս. Հռիփսիմէ մատրան մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան:
Պատարագին ներկայ էին ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսութեան խորհրդական Դաւիթ Թադէոսեան, ՀՀ մարդասիրական առաքելութեան խումբի գնդապետ Վահան Թադէոսեան, Սուրիոյ Խորհրդարանի երեսփոխաններ Ժիրայր Րէիսեան եւ դոկտ. Լիւսի Իսկէնեան, սուրիահայ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի, Ազգ. Վարչութեան, Կրօնական Ժողովի, բարեսիրական, մշակութային եւ մարզական միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ ուխտաւոր ժողովուրդը:
Մատրան շուրջ համախմբուած էին ՀԵԸ-ի եւ ՀՄԸՄ-ի սկաուտները։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ առաջնորդուեցաւ դէպի Ս. Խորան: Սրբազան Հօր առընթերականերն էին Արժ. Տ. Մաշտոց Ա. Քհնյ. Արապաթլեան, եւ Արժ. Տ. Զարեհ քհնյ. Շաքարեան: Պատարագի հոգեպարար երգեցողութիւնը կատարեց Հալէպի եկեղեցիներու դպրաց դասերը, ղեկավարութեամբ՝ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դպրապետ բարշ. բժշկ. Սարգիս սրկ. Իսկէնեանի:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր հայրական պատգամը ուղղեց ժողովուրդին, բնաբան ունենալով հետեւեալ համարը. «Ուրեմն մենք ալ, որ այսքան բազմաթիւ վկաներով շրջապատուած ենք, վանենք ամէն խոչընդոտ, մէկ կողմ ձգենք մեղքը, որ դիւրաւ կը պաշարէ մեզ եւ համբերութեամբ պայքարինք մեզի ներկայացող փորձութիւններուն դէմ»:
Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ Պօղոս առաքեալ այս արտայայտութեամբ մեզ կը յիշեցնէ, թէ ինչպէ՛ս եկեղեցին եւ Աստուծոյ ժողովուրդը միշտ շրջապատուած են հերոսներով, բազմաթիւ վկաներով եւ սուրբերով, նահատակներով եւ մարտիրոսներով, հետեւաբար, մեր կեանքը այս հասկացողութեամբ կը յատկանշուի:
«Այսօր հաւաքուած ենք ցեղասպանութեան զոհ գացած 1.5 միլիոնէ աւելի մեր սուրբ նահատակներու յիշատակին Սուրբ Պատարագ մատուցելու։ Այսօր, ամէն ժամանակէ աւելի եւ բոլորէն աւելի մենք շրջապատուած ենք բազմաթիւ նահատակ եւ սուրբ վկաներով: Չի բաւեր, սակայն, մեր սուրբ նահատակներուն յիշատակով միայն հպարտանալ, այլեւ՝ անհրաժեշտ է անոնց օրինակին հետեւելով անոնց սրբութիւնը, հաւատքը, առաքինութիւնը, արժէքներու կառչածութեան զգացողութիւնը մեր մէջ արծարծ պահելով ապրիլ:
Մակար Սրբազան մատնանշեց այն խոչընդոտները, որոնք մեզ կուրութեան կը մատնեն, մեր ներքին անձերը կ’անդամալուծեն եւ առաքեալի խօսքին համաձայն մեղքի եւ ինքնակործանումի կ’առաջնորդեն մեզ, ինչպէս՝ ատելութիւնը, նախանձը, հպարտութիւնը, անհանդուրժողութիւնը, անխղճութիւնը, անաստուածութիւնը, եղբայրատեացութիւնը եւ շատ մը վատ սովորութիւններ:

«1915 Ապրիլ 24, 108 տարիներ շարունակ սուրբ նահատակները մեր միջոցով է որ կը շնչաւորուին, մենք ալ անոնց միջոցով կը զօրանանք եւ կը պայքարինք: Հայու հոգին մահ չի ճանչնար: Մարմնաւոր մահը վախճանն ու աւարտը չէ, այլ սկիզբն է նոր կեանքին, արդարութեան, ճշմարտութեան եւ իրաւունքի յաւերժական յաղթանակին», հաստատեց Սրբազան Հայրը:
Ան հրաւիրեց ժողովուրդը դժուար պայմաններուն եւ պարագաներուն դիմաց չտկարանալ, այլ հաւատքի, յոյսի, սիրոյ, «Կանք ու Կը մնանք»-ի, «Բարձրացիր-Բարձրացուր» նշանաբանի զգաստ եւ գիտակից նախանձախնդրութեամբ կառչած մնալ մեր հոգեւոր եւ ազգային արժէքներուն եւ պահպանել այն կտակը, որ մեզի ժառանգուած է ապրող մեր սուրբ նահատակներուն կողմէ:
Սրբազան Հայրը աղօթեց, որ սուրբ նահատակներուն բարեխօսութիւնը ճշմարիտ խաղաղութիւն հասատէ աշխարհի վրայ, արդարութիւն տիրէ եւ իրաւունքը յաղթանակէ Հայաստանի, Արցախի, Սուրիոյ, Լիբանանի եւ ողջ աշխարհին մէջ:
Սուրբ եւ Անմահ Պատարագէն ետք, Հայոց Ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներուն յուշակոթողին դիմաց ծաղկեմատոյց կատարուեցաւ:

Մարինա Պօղիկեան