Մարդկութիւնը եւ մարդկային արժէքները նոր լուսարձակի տակ առնող ոճիր մըն է ցեղասպանութիւնը: 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան զոհը դարձանք մենք, իբրեւ հայ ազգ, եւ անոր հետեւանքները մինչեւ այսօր կը կրենք ազգովին:
Մեզմէ շատերը կանուխ տարիքին լսած են Հայոց Ցեղասպանութեան արհաւիրքին մասին, որովհետեւ ճանչցած են գոնէ հերոս մը, որ Ցեղասպանութենէն վերապրած ըլլալու իր գերմարդկային կարողութիւններով՝ դարձած է մեր խոնարհ Հերոսը, կամ աւելին՝ կեանքի խորհրդանիշը: Վերապրող հերոսները մեզի հետ բաժնեկցեցան իրենց ցաւէն ու տառապանքէն մաս3 մը: Անոնք իրենց ուժն ու իմաստութիւնը մեզի կտակեցին: Յարմարեցան նոր պայմաններուն ու միջավայրին, բայց իրենց ապրած կեանքով, փորձառութեամբ, ճիշդ որոշումներով ու խիզախ արարքներով, ո՛չ միայն իրենց սեփական ընտանիքներուն գոյատեւումը ապահովեցին, այլ ամբողջ ազգին ճակատագիրը փոխեցին, ազգին ապագա՛ն կերտեցին:
Այսօր մենք պէտք չունինք երկար խօսելու եղածներուն ու հետեւանքներու ազդեցութեան մասին: Ամբողջ աշխարհը ծանօթ է գործադրուած ցեղասպանութեան եւ հետեւանքներուն, շատերը զայն կը դատապարտեն հանուն մարդկութեան, իսկ վկայութիւնները ամէնուրեք «Արդարութի՜ւն» կ’աղաղակեն:
ՀԵՆՐԻ ՄՈՐԿԸՆԹԱՈՒ – Ցեղասպանութեան շրջանին Թուրքիոյ մէջ ԱՄՆ դեսպանը հետեւեալը կը հաստատէ. «Տեղահանութեան իսկական նպատակը թալանն ու ոչնչացումն էր: Իրականութեան մէջ այդ մէկը բնաջնջման նոր եղանակ մըն էր: Երբ թրքական իշխանութիւնները հրաման կու տային, փաստօրէն անոնք ամբողջ ԱԶԳի մը մահավճիռը կ’արձակէին»:
Անհերքելի փաստերը եւ ականատեսի վկայութիւնները կը հաստատեն, որ մենք տառապանքներուն դառնագոյնը ճաշակած ենք, սակայն երբեք չենք դառնացած: Չարութիւններուն ամենէն ահաւորին զոհը դարձած ենք, սակայն երբեք չենք չարացած: Մեր առաքինութիւններուն շնորհիւ կրցած ենք կեանքին, բարիին ու վսեմին կառչած մնալ, կրցած ենք ապրիլ, ստեղծագործել եւ նուիրաբերել:
Սպանացի երիտասարդ գրագէտ եւ մշակութային քննադատ Խորխէ Քարրիոն, թրքական ուրացումներուն ակնարկելով՝ այսպէս կ’ըսէ. «Ամէն անգամ, որ թուրք մը ժխտած է հայերու ցեղասպանութիւնը, հայերը կրկին բնաջնջուած են»:
Դժբախտաբար ցեղասպանութեան անպատիժ մնալու փաստը առիթ ընծայած է մերժումի սանձարձակ հնարամտութիւններու: Ցեղասպանութիւնը կանգ չառաւ 1915-ին: Անիկա շարունակուեցաւ ոճրագործին մերժումին եւ արդարադատութեան բացակայութեան հետեւանքով: Այսօր, նոյն հետեւութեամբ կրնանք ըսել թէ, Հայոց Ցեղասպանութեան կրկնութեան սպառնալիքը ամէնօրեայ իրականութիւն է հայ կեանքէն ներս:

ՓԱՆԹՈՒՐԱՆԻԶՄԻ ՃԱՄԲՈՒՆ

Հայոց Ցեղասպանութիւնը առարկայականօրէն քննարկելու եւ յետին, իսկակա՛ն նպատակները հասկնալու համար, պէտք է մեր աչքին առջեւ ունենանք Փանթուրքիզմի գաղափարն ու անկէ բխող ծրագիրները:
Փանթուրքիզմը ցեղապաշտութիւն մարմնաւորող ծայրայեղական գաղափարախօսութիւն մըն է, կը նախատեսէ հիմնել կայսրութիւն մը, որ կը ներառէ բոլոր թրքախօս երկիրներն ու տարածաշրջանները: «Մեծ Թուրան»ի երազով գինովցած ազգայնամոլ շարժում մըն է, որ անկասկած ընդարձակ տարածաշրջանի մը կայունութեան կը սպառնայ: Աւելի քան մէկ դարէ ի վեր, Թուրքիոյ իրերայաջորդ վարչակազմերը որդեւգրած են զայն, իսկ այսօրուան Թուրքիան, Էրտողանի բռնապետական վարչակարգին ներքոյ, նորագոյն դրօշակիրն է այս երազին, եւ տարիներէ ի վեր մանուածապատ աշխատանքով՝ կը փորձէ ինքզինք պարտադրել թրքախօս երկիրներուն ու տարածաշրջանին, կը փորձէ խաղալ անոնց «հօր» դերը: Թուրքիոյ համար նոյնիսկ կարեւոր չէ, թէ այս շրջաններու ժողովուրդները որքանո՞վ համաձայն են նման կայսրութեան մը ստեղծումին: Այսուամենայնիւ, այս ծրագիրը եղած է եւ կը մնայ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան հիմնական տարրը: «Գորշ Գայլեր» կազմակերպութիւնը տասնամեակներ շարունակ դաւանած է այս գաղափարախօսութիւնը: Եւրոպական ոստաններու մէջ եւս ծաւալած է իրենց կազմակերպական ցանցերը, ցեղապաշտական-ծայրայեղական դրսեւորումները կատարելու համար ազատօրէն: Կազմակերպութեան հետեւորդները իրենց «երազ»ը մարմնաւորած են ֆիզիքական սահմաններով ու կ’առաջնորդուին յարձակողական մարտավարութեամբ, ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող կայսրութիւնը հիմնելու համար:
Այս ծրագիրի իրականացման ճամբուն՝ հիմնականին մէջ կանգնած է քրիստոնեայ Հայաստանը, որ քաղաքակրթութեան բնօրրանը կը համարուի (չենք անտեսեր դէմ եղող այլ ժողովուրդներ): Հայաստանի ժողովուրդը թրքացեղ չէ, հետեւաբար, անոր գոյութիւնը արգելակ է «Մեծ Երազ»ով առաջնորդուող եւ իր բարբարոս մոնկոլական արմատներուն «ես»ը շոյող նոր Թուրքիոյ դէմ:
Փանթուրքիզմը հիմնական դրդապատճառ մըն էր, որպէսզի օսմանեան Թուրքիան 1914-ին դաշնակիցներուն դէմ ներքաշուի Ա. Աշխարհամարտին: Օսմանեան Թուրքիան ո՛չ միայն կը ձգտէր ընդարձակել արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող միջինարեւելեան իր կայսրութիւնը, այլ նաեւ կը ջանար տարածուիլ դէպի արեւելք եւ իր սահմաններուն մէջ ներառել մինչեւ Չինաստանի հարաւը գնուող Մանչուրիան: Փանթրքութեան առանձնայատկութիւնը պիտի համարուէր այլազան երկիրներու, յատկապէս թրքալեզուներու աշխուժ ներգրաւումը՝ Թուրքիոյ գաղափարական, մշակութային, ռազմական, դիւանագիտական եւ տնտեսական ազդեցութեան ոլորտ:
Օսմանեան Թուրքիան փանթրքական իր նպատակին հասնելու համար կը նպատակադրէր արմատախիլ ընել Թուրքիոյ տարածքին մէջ ապրող բնիկ քրիստոնեայ ազգերը` հայերը, ասորիներն ու յոյները: Վերջինները այդ հողերուն վրայ բնակած էին եւ պետութիւններ ստեղծած` հազարաւոր տարիներ առաջ, նախքան թրքական եկուոր ցեղերուն՝ Կեդրոնական Ասիայէն եւ Մոնկոլիայէն ժամանումը եւ Կոստանդնուպոլսոյ գրաւումը` 1453-ին:

ՓԱՆԹՈՒՐԱՆԻԶՄԸ ԱՅՍՕՐ

Փանթրքութիւնը Թուրքիոյ հիմնական մղիչ ազդակն էր 1915-1923 տարիներուն, որպէսզի իրականացնէ հայերու, ասորիներու եւ յոյներու ցեղասպանութիւնը: Թուրքիան կը ձգտէր միատարր դարձնել ու թրքացնել իր կայսրութիւնը՝ ամենէն բռնի ու դաժան միջոցներով: Ցեղասպանութիւնը շարունակուեցաւ նաեւ թուրք բռնապետ Մուսթաֆա Քեմալի իշխանութեան տարիներուն: Պատմական Հայաստանի տեղանուններու փոփոխութենէն մինչեւ մշակութային ժանանգութեանց ֆիզիքական բնաջնջման բոլոր «հնարամտութիւն»ները ի գործ դրաւ ան: Անոր պատրաստած «աշխատանքային քարտէս»ը մինչեւ այսօր կը կիրարկուի թուրք պետութեան կողմէ: Թուրքիա հիմա ունի նաեւ սերտ գործակից մը՝ Ազրպէյճանը:
Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի ցեղասպանական նպատակները յստակ են արդէն, ամբողջ աշխարհը տեղեակ է անոնց ծրագիրներուն: Անոնք կը փորձեն իրենց միջեւ պատնէշ կանգնած Հայաստանը վերացնել քարտէսէն: Այսօր Հայաստանը եւ անոր անբաժանելի մասնիկը եղող Արցախը Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի յարձակումներուն թիրախն են, ինչպէս որ էր Ա. Աշխարհամարտի օրերուն:
Այսօր, թուրք-ատրպէճանական ներթափանցումները Հայաստանի ու Արցախի սահմաններէն ներս, մեր հայրենիքի հողերու բռնագրաւումը՝ յստակ ապացոյց են փանթուրանական երազի իրագործման քայլերուն: Թուրքիա ուղղակի ելք չունի դէպի Ազրպէյճան, Կասպից ծով եւ Կեդրոնական Ասիա: Այս նպատակին իրականացման միջոցներէն մէկն ալ այն էր, որ Հայաստանը տնտեսապէս ծունկի բերելու համար, Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը Հայաստանի հետ իրենց սահմանները փակեցին Խորհրդային Միութեան փլուզումէն քիչ ետք:

2020 թուականի յարձակումները Արցախի եւ Հայաստանի վրայ շատ յստակօրէն կը բացայայտէին ծրագրաւորման եղանակն ու գործադրութեան ձեռագիրը: Ամբողջութեամբ փանթուրանիզմ բուրող եւ մոնկոլական ցեղապաշտութեան հարազատ կնիքը կրող արարքներու շարք մըն էր, որուն զոհը կրկին գնաց Հայ Ազգ՝ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ, իսկ Սփիւռքը հաղորդ է հայրենի դառնութիւններուն: Անոնք պատմական Արցախը գրաւելէն շատ աւելին ծրագրած էին. Զանգեզուրը գրաւելով՝ Թուրքիան վերջնականապէս կամրջել Ազրպէյճանին եւ անոր վրայով՝ միացնել թուրք ցեղերու երկիրները՝ մինչեւ Չինաստանի հարաւը գտնուող Մանչուրիայի սահմանները հասնելու համար:
Գարեգին Նժդեհ շատ յստակօրէն սորվեցուցած է մեզի Լեռնահայաստանի աշխարհաքաղաքական դիրքը եւ անոր կարեւորութիւնը: Թուրքին ու ռուսին սիրաբանութեան խաղերն ալ մեր աչքերուն առջեւ քողազերծած է հարիւր տարի առաջ: Սակայն այսօր, նոյն թակարդը իյնալը, դժբախտաբար, այդքան ալ պատահական չենք կարծեր:
Մինչ մենք տարանջատումներով կլանուած ենք ներազգային իմաստով, անդին Թուրքիա եւ Ազրպէյճան կը յաւակնին ըլլալ «Մէկ ազգ երկու պետութիւն»: Աւելի՛ն. փանթուրքիզմի նորագոյն դրսեւորումը կը հաստատէ, թէիրենք մէկ ազգ են վեց պետութիւններու միջեւ: Մէկ խօսքով, հանգրուան առ հանգրուան կ’ամրապնդեն իրենց աննահանջ ծրագիրները ու ամբողջ աշխարհը կը պատրաստեն, որպէսզի այդ ծաւալապաշտական եւ յարձակողական ծրագիրը հաշտ աչքով ընդունի: Իսկ աշխարհը կլանուած է հազար ու մէկ հաշիւներով, շահակցութիւններով, եւ ըստ ամենայնի աչքաթող կ’ընէ այս վտանգը, ինչպէս որ ուրիշ կողմ նայեցաւ Ցեղասպանութեան օրերուն, ինչպէս որ անտարբեր կանգնեցաւ Արցախի գրաւման, հայաթափման եւ անոր ուղղուած նորագոյն սպառնալիքներուն հանդէպ, կը բաւականանայ տեղեկագրելով ու խօսքի աճուրդով
Տակաւին աւելի մեծ յանդգնութիւն եւ սանձարձակութիւն կը նկատենք Ազրպէյճանի նախագահ Ալիեւի խօսքին մէջ, երբ ան կը պնդէր թէ Երեւանը , Սեւանայ լիճը եւ հարաւային Հայաստանը կը պատկանին «Հին Ազրպէյճանին»: Պատմութենէն անտեղեակի այս արտայայտութիւնը դժբախտաբար այսօր մեզ կը մատնէ սարսափի՝ արդարահատոյց բազուկի բացակայութեան պատճառով: Ամբողջ աշխարհի պատմութիւնը Ազրպէյճան անունով երկիր չէ տեսած մինչեւ 1918: Անիկա շինծու ու սարքուած դաւադրութեան մը տխեղծ ծնունդն էր, որ այսօր մեր գլխուն պատուհաս դարձած է շատ աւելին քան երբեք, քաղաքական ասպարէզին մէջ ոչ-ատակ պետական այրեր ունենալու դժբախտութեան պատճառով: Ալիեւի նոր սանձարձակութիւնները աւելի եւս սպառնական կը դառնան, երբ ան կը շեշտէ. «Ե՛ւ Թուրքիա, ե՛ւ Ազրպէյճան անհրաժեշտ քայլերու կը ձեռնարկեն՝ Զանգեզուրի միջանցքին օգտագործման համար… թրքական ամբողջ աշխարհը միացնելու միտումով»: Ազերիական հետեւողական յարձակումները եւ սահմաններու ու խաղաղութեան ոտնահարումը եթէ փանթուրանական միտումներ ու գործադրութիւններ չեն, հապա ի՞նչ կարելի է համարել զանոնք:

ԱԶԳԱՅԻՆ ԶՕՐԱՇԱՐԺԸ

Ի վերջոյ, ազգովին՝ սփիւռք եւ հայրենիք, պէտք է հաւատանք եւ պարզ աչքով տեսնելու կարողութիւնը եւ քաջութիւնը պէտք է վերականգնենք, թէ Փանթուրքիզմը մեռած գաղափարախօսութիւն չէ: Ան աւելի քան երբեք առկայ է այսօր, որովհետեւ աշխարհաքաղաքական հոսանքները բոլոր հնարաւորութիւնները կ’ընծայեն զայն իրագործելու համար: Անիկա ազնիւ նպատակ չի հետապնդեր: Բացի մեր հայրենիքէն՝ անիկա կը սպառնայ նաեւ տարածաշրջանի կայունութեանը:
Փանթուրքիզմը մեզի համար լուրջ վտանգ է, յատկապէս վերը յիշուած պատճառներով: Չմոռնանք, որ նոյնինքն Էրտողանը, Արցախեան վերջին պատերազմէն միայն քանի մը ամիս առաջ, իր ցեղապաշտ ու ատելութեամբ զեղուն ելոյթներով մեզի յուշեց, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան վերսկսման սպառնալիքը այսօր իրականութիւն է:
Իրապաշտօրէն, Հայաստանի պետական այրերէն բան չենք կրնար սպասել այս առումով: Պատճառներուն չենք ուզեր երկար անդրադառնալ, որովհետեւ մեր նպատակը՝ ազգին «խաղողը ուտելն է, եւ ոչ թէ այգեպանը ծեծել»: Այս ըսելով չենք արդարացներ եղածը կամ ապիկար քայլերը, սակայն չենք ուզեր ջլատել այն աղօտ յոյսը, որ անիրապաշտ լաւատեսութեան ատեն միայն կրնանք նշմարել:

ՍՓԻՒՌՔ ԱՅՍՕՐ

Ուրեմն, մեր հայեացքը առաւելաբար պիտի ուղղենք սփիւռքին ու անոր երկարամեայ, անաչառ ու ազգային մաքուր սլաքով փորձառութեան եւ ձեռքբերումներուն: Բազմաթիւ առարկայական պատճառներով, թէեւ չունինք սփիւռքեան ձեռքբերումներու ու ձախողութիւններու հաշուեկշիռը, բայց ունինք յիշողութիւն: Սփիւռքը, իր վերապրումով, գոյութեամբ ու ինքնաբաւութեամբ, ապրեցաւ ծաղկումի եւ հայակերտման բարգաւաճ ժամանակաշրջաններ: Կրթական, քաղաքական, մշակութային ու կազմակերպական ոլորտները գագաթնակէտային ցուցանիշներով լեցուեցան: Հայաստանի վերանկախացումէն ետք, որոշ տեղքայլ, մինչեւ իսկ նահանջ նկատուած է սփիւռքի տարածքին: Առարկայական եւ այլ պատճառները բազմաթիւ են:
Կարեւոր հարցում է. ինչպէ՞ս վերականգնել սփիւռքի կարողականութիւնը ու զայն ամրապնդել հայ իրականութեան մէջ: Իրապաշտօրէն դիտելով սփիւռքի կացութիւնը, պէտք է նախ եւ առաջ հաստատել, թէ գոյութիւն ունի բազմաբնոյթ սփիւռքեան խճանկար մը, որուն մէջ գերխնդիրն է ինքնութեան պահպանումի հարցը: Ինքնութեան պահպանման հարցը այսօր սփիւռքի բոլոր գաղութները զօրաշարժի պէտք է ենթարկէ: Առաջին հերթին պէտք է կատարել առարկայական ինքնարժեւորում եւ ապա կարեւոր լուծումներ որոնելու ջանքեր ու գործնական քայլեր:

Հայրենիքը ու Արցախը կլանած վերջին զարգացումները հիասթափութեան ծանր ծածկոց մը դրած են երբեմնի շողացող սփիւռքին վրայ: Այլ բան ալ չէր կրնար ըլլալ, եւ պէտք է ընդունիլ, որ հարուածը բաւական ծանր էր: Ստեղծուած կացութիւնը կը յուշէ անտառին ողբը. «Շատ վտանգաւոր է, որովհետեւ կացինին կոթը մեզմէ է»:
Մենք, իբրեւ թրքական երազանքներէն անմիջական տուժող փորձառուներ՝ բնականաբար պէտք է դիմակալենք փանթուրանիզմի վտանգը: Այսօր մեր դէմ ցցուած հրամայականն է հայրենիքը պահպանել եւ առանց խարխափումներու առաջնորդուիլ որպէս ազգ եւ հայրենիք, որուն պետականութիւնը այնքան ալ յոյս չի ներշնչէր ո՛չ ներքին եւ ոչ արտաքին քաղաքական հարթակին վրայ:

Սփիւռքը, որ Հայոց Ցեղասպանութեան կռանով դարբնուած իրականութիւն է, պիտի ըլլայ ելակէտը փրկութեան կամ ազգային զարթօնքին: Սփիւռքի դերը չափազանց կարեւոր է այսօրուան ազգային իրականութեան մէջ: Թէեւ մենք չունինք սփիւռքի ազգային կեանքի յիշողութիւնը ամփոփող քաղաքական եւ ազգային իրադարձութիւններու ցուցանիշ մը, սակայն ունինք կարեւոր փորձառութիւն մը, որ ամրապնդուած է ազգային պարկեշտ սկզբունքներով: Կը հաւատանք, որ սփիւռքը, յատկապէս իր վերջին 100 տարիներու փորձառութեամբ եւ հետեւողական վերելքով՝ ազգային, քաղաքական եւ կազմակերպական մեր առօրեային լաւագոյն խճանկարն է անվիճելիօրէն:

Յիշենք, որ Սփիւռքը հնչեցուցած է հայահաւաքի զանգը, երբ միասնութիւնը հրամայական էր: Սփիւռքը հողահաւաքի ղօղանջ դարձած է, երբ հայրենիքի տարածքները ծուէն-ծուէն բաժնուած էին: Սփիւռքը «խենթ»ի համակ կոչ դարձաւ ազատագրական զինեալ պայքարին, երբ չմնաց «ելք ու ճար»: Սփիւռքը իր զաւակները կանչեց հայակերտման եւ մարդակերտման պահանջքով: Մէկ խօսքով, Սփիւռքը տարիներ շարունակ Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայրենիքի տեսլականը մասունքի մը պէս փայփայեց: Ան արթուն պահակը դարձաւ հայրենիքին ու ազգին ինքնութեան եւ արժէքներուն, երբ համայնավարական մոլուցքէն հարբած հայ համայնավարները իրենց արմատները կացինահարող արարքներու շղթայ մը կը հիւսէին իբրեւ դաւադրութիւններու գլուխ-գործոց:
Հետեւաբար, կը հաւատանք, որ սփիւռքը այս կացութեան համապատասխան աշխատանքի եւ ծրագրաւորման հնարաւորութիւնը ունի: Կը մնայ միայն առանց կասկածելու ի գործ դնել զայն, եւ գործել հաւատքով ու անխափան: Սփիւռքը այսօր պէտք է մտածէ՛ հիմնաւորուած, որոշէ՛ առարկայականօրէն, եւ գործնական ու նպատակասլաց միջոցներ որդեգրէ՝ ընդառաջելու համար ինքնակերտումի հրամայականին: Պատահականութեամբ առնուած որեւէ քայլ կրնայ անսրբագրելի վիճակներու մատնել մեզ:
Ներկայիս Հայաստանի մէջ ստեղծուած քաղաքական իրավիճակին, դիւանագիտական խառնաշփոթ յարաբերութիւններուն պարտադրած իրողութեան դիմաց, ի՞նչ ունինք ըսելիք եւ ի՞նչ ունինք ընելիք: Ինքնին այս հարցումը մեզի կը թելադրէ սփիւռքի կազմակերպում եւ ամրապնդում: Հայոց Ցեղասպանութեան արհաւիրքէն ճողոպրած Հայ Սփիւռքը, երբ դեռ բարակ տունկ էր, կրցաւ հրաշքներ գործել, մարմնաւորելով ամբողջ պետականութեան մը մանրանկարը՝ բոլոր գաղութներուն մէջ:
Այսօր մենք ականատես վկաները ու անդամներն ենք այն սփիւռքին, որ հաւատաց ազգային արժէքներու անժամանցելիութեան, հաւատաց Հայաստանեաց Առաքելական Եկեղեցւոյ համամարդկային ու ազգային առաքելութեան: Սփիւռքն է, որ ճամբայ հարթեց հայ մարդուն դիմաց՝ աքսորէն մինչեւ տարբեր երկիրներու խորհրդարաններ: Սփիւռքն է, որ իր կազմակերպուած, անշահախնդիր կառոյցով, ծաղկեցուց բոլոր գաղութները՝ Միջին Արեւելքէն մինչեւ ծայրագոյն ցամաքամասեր: Ուրեմն, Ցեղասպանութենէն ճողոպրած սերունդին փորձառութեամբ զինուած եւ մերօրեայ արհեստագիտական ու զարգացման տուեալներով ամրապնդուած, այսօր անհրաժեշտ է վերահաստատել ու ամրապնդել այդ սփիւռքը, իբրեւ բերդաքաղաքն ու հեռակայ պարիսպը հայրենիքին:
Առաջին հերթին, հարկ է պատրաստել Հայ ազգի տեսլականը մարմնաւորող անշահախնդիր առաջնորդներ: Առաջնորդ՝ որուն պարտականութիւնն է ազգային արժէչափանիշով առաջնորդել ու զօրավիգ կանգնիլ վսեմ նպատակներու իրագործման: Առաջնորդ պատրաստել՝ աշխարհաքաղաքական, ներքին ու արտաքին քաղաքական, տնտեսական եւ դիւանագիտական մարզերը ճիշդ անձերով վարելու համար: Սփիւռքը կրնայ թրծել այն երիտասարդութիւնը, որ իրապաշտ քայլերով ու վսեմ երազներով պիտի կերտէ մեր ազգային քայքայուած խճանկարը:
Բաւական ծանր է սփիւռքին բեռը, այսօր, բայց ո՛չ՝ անկարելի: Եթէ 108 տարի առաջ բացուած փուլին, սփիւռքը կրցաւ ապրիլ եւ կերտել, այսօր մենք իրաւունք չունինք միայն գոյատեւելու: Այսօր մեր պարտականութիւնն է Ապրիլ 24-ի յիշատակը անմահացնել՝ 24 ժամ հա՛յօրէն ապրելով, հա՛յօրէն շնչելով ու հա՛յօրէն արարելով՝ յանուն ազգին եւ հայրենիքին ամբողջականութեան:
Սփիւռքը ազգային գաղափարախօսութիւնը հարստացնող մտաւորականներ ծնաւ իր ծոցէն: Անոնք բարձր պահեցին Զարթօնքի սերունդէն իրենց փոխանցուած ազգային ու ազգապահպանման աւանդը: Սփիւռքը ստեղծեց դպրոց, ակումբ, եկեղեցի, մարզական եւ մշակութային միութիւններ, կազմակերպութիւններ, կուսակցութիւններ: Մէկ խօսքով, սփիւռքը, հայրենի հողէն հեռու, եւ զրկուած անոր կենսատու աւիւնէն՝ արարեց ոգեղէն հայրենիքը՝ ազգը:
Այս է սփիւռք երեւոյթը, որուն ուժն ու կարողականութիւնը դրսեւորուած է խիզախ կեցուածքով՝ իր դիմագրաւած ամէնէն ծանր պայմաններուն մէջ իսկ: Սփիւռքէն ծնունդ առին եւ աշխարհով մէկ գործեցին Հայկական Նեմեսիսին ժառանգորդները՝ ցեղասպան պետութեան ժառանգորդները պատուհասող երիտասարդ բազուկները. նոյն այդ միջավայրէն էր որ դէպի երկիր վազեցին երիտասարդ փաղանգներ, երբ Արցախը կանչեց զիրենք:
Հաւատալով կը հետեւինք այն սփիւռքին, որ ազգային արժէքները պահպանող ու հարստացնող հայ բանակ մը պիտի կերտէ:
Սփիւռք՝ որ հրամայականի կը վերածէ գաղափարական ու քաղաքական բովանդակալից ու ազգային բարձր գիտակցութեան տէր երիտասարդութեան թրծումը: Անհատական ճղճիմ հաշիւներէ վեր բարձրացող ու միատարր, բայց այլազան ամրակուռ գաղութ մը պիտի հիմնէ ան՝ ազգային հեռանկարներու ընդարձակ խճանկարով:
Եթէ Հայաստանի քաղաքական-դիւանագիտական ձեռքը շարունակէ ներկայ ընթացքով հետեւողականօրէն նշաձողը իջեցնել, Հայաստանի գոյութիւնը լրջօրէն դէմ յանդիման պիտի գտնուի անասելի վտանգներու, եւ այդ պարագային՝ ինչի՞ վրայ պիտի յենի սփիւռքը, ի՞նչ պիտի ըլլայ անոր գոյութեան իմաստը:
Սփիւռքի հիմնահարցին առանցքը ինքնութեան պահպանումը ըլլալով` կը յենի Հայոց Ցեղասպանութեան իրականութեան վրայ, հետեւաբար պէտք է քննարկել «Ա. Աշխարհամարտի օրերէն սկսեալ գործադրուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը` ժամանակակից նկատառումներու լոյսին տակ» թեման:
Այս առանցքին շուրջ է, որ այսօր կը տագնապինք, որովհետեւ Հայաստանի դիւանագիտական մարզին մէջ նոր զարգացումները տեղի կ՛ունենան մութին մէջ, օրէ օր վհատեցնող նորութիւններով, եւ կը յանգին ըսելու, որ Հայոց Ցեղասպանութեան պահանջատիրութիւնը «Սփիւռքի հարցն է», առանց գիտակցելու, թէ նման մտածողութիւն Հայաստանի պետականութեա՛ն է, որ կը սպառնայ: Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին հետապնդումը երաշխիքն է Հայաստանի գոյութեան, որովհետեւ թուրքին նպատակը հայուն խաղաղութիւն շնորհել չէ, այլ Հայաստանը կուլ տալ:

ՎԵՐԱԿԱԶՄԱՒՈՐՈՒՄ…

Ցեղասպանութեան յիշատակումը պահանջատիրութեան վերանորոգումի կոչ մըն է այլեւս: Նահատակներուն յիշատակը կը յարգենք «Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ» կարգախօսով: Այսօր, հայ սփիւռքը նոր մարտահրաւէրներու դիմաց կը գտնուի: Մենք պարտաւոր ենք համախմբուելու ազգին գոյութեան հարցին շուրջ եւ հաւաքաբար խորհելու, թէ ինչպէ՞ս կարելի է կանխել գալիք ակնյայտ վտանգը: Թէ` ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս պատահեցան դէպքերը: Թէ` ի՞նչ էին դրդապատճառները այդ բոլորին: Ինչպէ՞ս բանաձեւել ազգային պահանջատիրութիւնը այսօր: Ի՞նչ համոզիչ տուեալներով վերականգնել հաւատքը զանգուածներուն եւ նորահաս սերունդներուն մէջ: Վերջապէս, ինչպէ՞ս հզօրացնել սփիւռքը հայրենիքով, եւ հայրենիքը՝ սփիւռքով: Հիասթափուած ու դառնացած սերունդները ինչպէ՞ս վերակենդանացնել:
Եթէ Հայաստան չունենայ հայրենի պետականութիւնը ամրապնդող արդարամիտ ու անշահախնդիր պետական այրեր, որոնք կրնան կերտել հզօր բանակ եւ համակ արդարադատութիւն, մեր պետականութիւնը դատապարտուած է կործանումի: Դժբախտաբար այս ընթացքով մենք կրնանք կորսնցնել հազարամեակներու մեր հայրենի հողը:
Հայաստանը մեր բոլորին հայրենիքն է: Մենք պարտաւոր ենք ախտաճանաչումներ կատարել, միաժամանակ հաշիւ տալ ու հաշիւ պահանջել հայրենիքի եւ պետականութեան ամրապնդման, բայց մանաւանդ սփիւռքի հզօրացման համար:
Սփիւռքի եւ Հայաստանի համար երկու գերխնդիրներ կան, որոնք անոնց գոյութիւնը պայմանաւորող առանցքը կը կազմեն, անշուշտ կենսական բաղադրիչ ունենալով Հայոց Ցեղասպանութեան պահանջատիրութիւնը: Սփիւռքը, իր ինքնութեան տագնապով, իսկ Հայաստանը ազգաբնակչութեան տագնապէն՝ անցած է հայրենի հողը կորսնցնելու կարմիր գիծէն անդին, որ հայու գոյութեան իմաստն իսկ է:
Ահաւասիկ նորօրեայ պատմութեան Ապրիլ 24-ը, որուն համար համազգային ուժերու եւ իմաստութեան լարում կը պահանջուի մեզմէ: Մեր նախնիները յաղթահարեցին Ապրիլ 24-ով խորհրդանշուած Հայոց Ցեղասպանութեան ոդիսականը. հիմա մեր հերթն է, այլապէս դատապարտուած պիտի ըլլանք այդ խարանը կրելու մեր պատմութեան եւ սերունդներուն առջեւ: Պարտաւոր ենք գօտեպնդուելու եւ հզօր կերպով դիմադրելու բոլոր դժուարութիւնները, որպէսզի մեր նախնիներուն արդար ժառանգորդները ըլլանք եւ ստեղծենք նորօրեայ «Սարդարապատ»ը:
Գիտենք. հիմա կ’ըսէք թէ սա անկարելի է, սակայն Քրիստոսի յարութեան հաւատացող ազգ ենք, հետեւաբար մեր ազգի՛ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ալ պիտի հաւատանք: Անիկա կրնայ իրականանալ երեք օրէն, երեք տարիէն, երեք տասնամեակէն կամ երեք դարէն: Վհատելու իրաւունքն ու շռայլութիւնը չունինք:
Ցեղասպանութեան նահատակներուն ու վերապրողներուն պատգամին անսալու պարտաւորութիւնը ունինք մենք: Իսկ անոնց պատգամն է՝
Պահպանել եւ կերտել Ազատ, Անկախ, Միացեալ եւ հզօր Հայաստանը: Հողահաւաք ու հայահաւաք:
Այլապէս, բանաստեղծը կը յիշեցնէ մեզի. «Այսքան չարիք թէ մոռանան մեր որդիք, թող ողջ աշխարհ հայուն կարդայ նախատինք»:

Թամար Թիւֆէնկճեան