Շաբաթ, 22 Ապրիլ 2023-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, ՀԵ Ընկերակցութեան Մշակութային Յանձնախումբին հիւրն էր Դամասկոսէն ժամանած թրքական հարցերու վերլուծաբան դոկտ․ Սարգիս Պուրունսուզեան։
Ցեղասպանութեան ոգեկոչումի լոզունգն է՝ «Յիշել եւ Պահանջել»։ Իրաւացիօրէն, հարկ է, որ իւրաքանչիւր հայ քաջատեղեակ ըլլայ այդ ժամանակահատուածի պատմական իրադարձութիւններուն։ Տուեալ հանգամանքէն մեկնած, զրոյց-հանդիպումը խորագրուած էր՝ «Իրադարձութիւններ եւ Հետեւանքներ»։
Ձեռնարկը սկսաւ դոկտ․ Պուրունսուզեանի կենսագրական տուեալներուն ներկայացմամբ։ Գիտութեան տենչով ապրող եւ գործող հիւրը Դամասկոսի ծնունդ է եւ տէր՝ քանի մը մասնագիտութիւններու։ Դամասկոսի Պետական Համալսարանէն Պիոքիմիագիտութեան մագիստրոսական աստիճանը ստանալէ ետք, վկայուած է նաեւ UCLA-էն՝ BA աստիճանով, որպէս քաղաքականութեան գիտութիւններու մասնագէտ, ինչպէս նաեւ Դամասկոսի յոյն կաթոլիկ բարձրագոյն կրթական հաստատութենէն, որպէս գիտակ եկեղեցւոյ պատմութեան։ Իսկ 2003-ին Սապանճի համալսարանէն ստացած է իր դոկտորական աստիճան (PhD) արդիւնաբերական կառավարման։
Որպէս թրքական հարցերու վերլուծաբան-մասնագէտ, ան յաճախ կը հրաւիրուի պատկերասփիւռի տարբեր կայաններ, ինչպէս նաեւ հանդէս կու գայ զանազան գիտական կեդրոններու եւ համալսարաններու մէջ։
Օրուան զրուցավար Սեպուհ Պապիկեանին հարցաշարը ընգրկած էր երեք հանգրուան՝ Անցեալը, Ներկան եւ Ապագան։ Անցեալի մասին խօսիլ կը նշանակէ լուսարձակի տակ առնել Օսմանեան Կայսրութեան տարածքին այդ օրերուն ապրող հայութեան տնտեսական բարեկեցիկ վիճակը եւ նախանձելի իրագործումները արուեստներու եւ արհեստներու գրեթէ բոլոր բնագաւառներէն ներս։ Հիւրին խօսքը ուղեկցուեցաւ պաստառին վրայ ցուցադրուած նկարներով, որոնք վկայութիւնն էին հնչած տեղեկութիւններուն։
Իւրաքանչիւր անգամ, որ հաղորդակից կը դառնանք մեր ունեցած մարդկային եւ նիւթական մեծ կորուստներուն, ինչպէս նաեւ մեր խորտակուած մշակոյթին, կը վերանորոգուին կսկիծն ու դառնութիւնը։ Հիւրը այս բաժինին աւարտին ընդգծեց նաեւ այն միտքը, որ Թուրքիոյ անպատիժ մնալու փաստը խթան հանդիսացաւ մարդկութեան պատմութեան մէջ իրագործուած այլ ցեղասպանութիւններու, որոնց մէջ սակայն հայոց ցեղասպանութիւնը, որպէս խարան մարդկութեան ճակատին, կը մնայ ամէնէն զարհուրելին։
Ներկայի բաժինը նուիրուած էր Ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքներուն,Հայ Դատի գրասենեակներուն ծաւալած գործունէութեան եւ թէ ինչպէ՛ս տարուող տարբեր աշխատանքներ կարելի է դարձնել աւելի արդիւնաբեր. ահա այդ մասին հիւրը ներկայացուց իր խորհրդածութիւնները։
Մշակութային Յանձնախումբին կողմէ պատրաստուած տեսերիզի մը ցուցադրութենէն ետք, դոկտ․ Պուրունսուզեան պատասխանեց երրորդ բաժինի հարցումներուն։ Երիտասարդները իրենց կարծիքը յայտնեցին Թուրքիոյ հետ հաշտուիլ-չհաշտուելու, ինչպէս նաեւ պատկանելիութեան վերաբերեալ իրենց ընմռնումներուն մասին։ Ակներեւ էր Պուրունսուզեանին ափսոսանքը, ի տես այն երիտասարդներուն, որոնք աւելի լաւ ապագայի մը հեռանկարով կը լքեն իրենց ծննդավայրն ու հայրենիքը։ Ըստ յարգարժան դոկտորին, պատկանելիութիւնը փոխադարձ յարաբերութիւն է։ Ցաւ ի սիրտ, այսօր դժուար է ըսել, թէ հայ երիտասարդը որքանով հետաքրքրուած է Մեծ Եղեռնով կամ անոր ուսումնասիրութեամբ։ Հայոց Ցեղասպանութիւնը պէտք չէ ըլլայ միայն Ապրիլ 24-ի օրուան ոգեկոչում, այլ ժամանակին հրամայականն է պատրաստել ջահակիրներ, որոնք իրենց առաքելութիւնը համարեն առաջ տանիլ եւ յաջողութեան հասցնել հայոց դատի ճանաչման դժուարին, բայց արդարացի խնդիրը։
Զրոյցի աւարտին դոկտ․ Պուրունսուզեան պէտք էր յայտներ իր հաւանութիւնը կամ անհամաձայնութիւնը զրուցավարին կողմէ պարզուած որոշ հարցումներուն։ Այս բաժինին մէջ բաւականին դիպուկ էր այն միտքը, թէ բացի համաշխարհային համբաւ ունեցող հայ դատի բարեկամներու օղակ մը ստեղծելէ, անհրաժեշտ է հիմնել թրքերէն լեզուով սփռուող կայան մը, որ միտի թուրք հասարակութեան իրազեկ դարձնել հայկական հարցի բոլոր շերտերուն։
Զրոյցի աւարտին ՀԵ Ընկերակցութեան Գործադիր Մարմինի ատենապետ Արտեմ Չիրիշեան յուշանուէրով մը պատուեց գիտելիքներու շտեմարան, բազմահմուտ հայորդին, որուն ներկայութիւնն ու խօսքը մտածումի նոր հորիզոններ բացին։
Զրոյց – հանդիպման աւարտին ներկաները ուղղուեցան դէպի միութեան շէնքին պարտէզը եւ ծաղիկներ զետեղեցին Մեծ Եղեռնի զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշակոթողին առջեւ։ Խունկ ու խոնարհում մեր մէկ ու կէս միլիոն սրբադասուած նախնիներու անմար յիշատակին։