Երկուշաբթի, 24 Ապրիլ 2023-ի առաւօտեան, յետ Ս. եւ Անմահ պատարագին, Լաթաքիոյ Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակը Նահատակներու յուշակոթողին դիմաց տեղի ունեցաւ ծաղկեմատոյց:
Ներկայ էին Տէր Վազգէն Քահանայ Քէօշկէրեան, եկեղեցւոյ թաղականութեան, մշակութային, մարզական եւ բարեսիրական միութիւններու ներկայացուցիչներ, Դամասկոսէն ժամանած քաղաքական վերլուծաբան Սարգիս Գասարճեան եւ լաթաքիահայեր։

ՀՄԸՄ-ի փողերախումբի առաջնորդութեամբ ներկաները ծաղկեպսակներ զետեղեցին յուշակոթողին դիմաց, առ ի յարգանք մեր բիւրաւոր նահատակներու հոգիներուն:
Ապա ներկաները բարձրացան եկեղեցւոյ «Արարատ» սրահ՝ ոգեկոչելու Ցեղասպանութեան 108-րդ տարելիցը։

Անոնք նախ մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին Հայոց Ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներուն յիշատակը, որմէ ետք ձեռնարկը ընթացք առաւ։

Բացման խօսքով Նայիրի Կարապետեան ըսաւ. «24 Ապրիլը խնկարկումի, պայքարի, վրիժառութեան, բայց նաեւ յարութեան օր է։ Այս օրը հերթական առիթ է ի լուր աշխարհին բարձրաձայնելու, որ կանգուն է հայու արարչաստեղծ ոգին, իսկ մեր պայքարը պիտի շարունակուի հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ»:

Օրուան բանախօս, քաղաքական վերլուծաբան Սարգիս Գասարճեան ներկայացուց Ցեղասպանութեան ուրացման Թուրքիոյ քաղաքականութիւնն ու անոր ազդեցութիւնը իրարայաջորդ կառավարութիւններու ընտրական արշաւին վրայ:

Լաթաքիահայութեան ուղղուած երեք տեսագրութիւններով արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին պոլսահայ մտաւորական Բագրատ Էստուգեան՝ «Ցեղասպանութեան Հարցին Ազդեցութիւնը Թուրքիա-Հայաստան Յարաբերութեան Վրայ» նիւթով, «Ակօս» թերթի խմբագրակազմի տնօրէն Եդուարդ Տանզիկեան «Ցեղասպանութեան Ոգեկոչական Ձեռնարկներուն Նկատմամբ Թուրքիոյ Պետական Կեցուածքը Անցեալին եւ Այսօր: Հարցի Լուծման Հաւանականութիւնը» նիւթով եւ պոլսահայ վաւերագրական ֆիլմերու բեմադրիչ Մուրատ Էզէր՝ «Թուրքիոյ Իրարայաջորդ Կառավարութիւնները Ինչո՞ւ Չեն Ընդունիր Ցեղսպանութեան Ոճիրները» նիւթով:

Ապա Գասարճեան իր խօսքը եզրափակելով ըսաւ. «Միասնական աշխատանքը մեր ազգին պայքարն է, վերածնունդն է»:
Այնուհետեւ ելոյթ ունեցան Սուրիոյ Երիտասարդական Միութեան «Կայծակ» մսնճ.ի եւ Սուրիոյ Պատանեկան Միութեան «Արցախ» մսնճ.ի երիտասարդները, ներկայացնելով «Հայ Դատի Պահանջատիրական Պայքար»-ը վերնագիրով կենդանի պատկեր մը։

Հայ գրականութեան գոհարները անմասն պիտի չմնային ոգեկոչութեան արարողութենէն։ Արդարեւ, Սուրիոյ Երիտասարդական Միութենէն Յովհաննէս Շիրազի «Բողոք»-ը ասմունքեցին Մալվին Քէօշկէրեան, Աննա Ապտօ եւ Գեղարփի Նաճարեան, իսկ Գէորգ Էմինի «Սիամանթոյի մենախօսութիւնը»՝ Նայիրի Պետրոսեան, Կասիա Ներսէսեան եւ Սելինա Աւետիս։
Համազգայինի «Վահան Նաւասարդեան» մսնճ.ի վարչութիւնը ցուցադրեց «Կարմիր Կիրակի » խորագիրով տեսերիզ մը:
ՍՕ Խաչի «Շուշի» մսնճ.էն Մայտա Խանծողեան մեներգեց «Սիրուն Գարուն, Կանաչ Գարուն»-ը :
Ապա ելոյթ ունեցան Հայկական Բարգործական Ընդհ. Միութեան Հայ Երիտասարդաց ընկերակցութեան երիտասարդները։ «Կռունկ»-ը նուագեց դաշնակահար, մայեսթրօ Պերճ Երէցեան, ջութակի ընկերակցութեամբ Ճօրճ Մէտէնի։ Կալին Գալայճեան ասմունքեց «Շնչել Եմ Ուզում», Ռաշէլ Մէտէնի «Ա՛զգ Իմ Տառապած», Ճորճ Մէտէնի «Յաւերժական Հայը» քերթուածները։ Ալին Զարիկեան մեներգեց «Զինուորին Մօր Երգը», իսկ Ներսէս Մուրատեան՝ «Ձօն Արցախին»։ Գեղարուեստական յայտագիրով վերակենդանացամ հայ նահատակ մտաւորականներուն յիշատակը, սերունդներուն ինքնութիւնն ու յիշողութիւնը պահող հայ մշակոյթին կենարար ուժը։

Հուսկ Տէր Վազգէն Քհնյ. Քէօշկէրեան իր պատգամը ուղղելով շեշտեց, որ հայերս հաւատարիմ պիտի մնանք մեր դատին, կառչած պիտի մնանք մեզի ժառանգաբար փոխանցուած նահատակներու պատգամին ու, ձեռք-ձեռքի տալով հայրենիքին ու Արցախին հետ, պիտի պայքարինք յանուն արդարութեան:

Ապա քահանայ հայրը «Պահպանիչ» աղօթքով փակեց ոգեկոչական հանդիսութիւնը: