Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Սուրիոյ Շրջանային 25-րդ ներկայացուցչական ժողովը գումարուեցաւ Կիրակի, 30 Ապրիլ 2023-ին, «Սահակ Նալպանտեան» սրահէն ներս։ Ժողովին կը մասնակցէին Պատկան Մարմինի ներկայացուցիչը, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան անդամը, Շրջ. Վարչութեան անդամները, «Ն. Աղբալեան», «Հ. Օհանջանեան», «Վ. Նաւասարդեան», «Լ. Շանթ» եւ «Ա. Ահարոնեան» մասնաճիւղերու լիազօր ներկայացուցիչները, Հայագիտական Հիմնարկի, «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական, «Զուարթնոց» երգչախմբային եւ «Լեւոն Շանթ» թատերական միաւորներու ներկայացուցիչները եւ հրաւիրեալներ։

Ժողովը քննարկեց անցնող տարեշրջանի Շրջանային Վարչութեան գործունէութիւնն ու նիւթական տեղեկագիրը եւ արժեւորեց ընթացաւարտ Շրջանային Վարչութեան գործունէութիւնը։ Ապա ժողովը առաջարկներ ներկայացուց յառաջիկայ շրջանի գործունէութեան համար։

Ժողովի աւարտին տեղի ունեցաւ Շրջանային Վարչութեան նոր կազմին ընտրութիւնը, հետեւեալ պատկերով.-
Ռաֆֆի Սիւլահեան (ատենապետ)
Մարինա ՉիլԱբոշեան-Պօղիկեան (ատենադպիր)
Սագօ Արսլանեան (գանձապահ)
Սեդա Աճէմեան (հաշուապահ)
Կարօ Տէյիրմէնճեան
Արա Մութաֆեան
Հուրի Ճուհարեան-Մուսալլի
Սօսի Կարճիկեան (Քեսապ)
Ռաֆֆի Յակոբեան (Լաթաքիա)
Ռիթա Տէր Սարգիսեան (Գամիշլի)
Վազգէն Պէլեան (Դամասկոս)

Դիւան
Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային 25-րդ Ներկայացուցչական Ժողովի