23 Ապրիլ 2023-ին, Ապրիլեան նահատակներու 108-րդ յիշատակին նուիրուած միջ-յարանուանական յուշահանդէսը տեղի ունեցաւ Հայ Աւետարանական Բեթէլ եկեղեցւոյ մէջ, հովանաւորութեամբ Հայ երեք հոգեւոր պետերուն, կազմակերպութեամբ Հայ Աւետարանական համայնքին համայնքապետ՝ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի:
Յուշահանդէսին յաջորդաբար իրենց սրտի խօսքերը ներկայացուցին մեր հոգեւոր պետերը, որոնց յաջորդեց գեղարուեստական յայտագիր մը:
Յիշեալ բաժնին մէջ, համեստ բայց ինքնավստահ աղջնակ մը, խորհրդաւոր լռութեան մէջ, սրտաբուխ մեկնաբանեց «Տէր Ողորմեա՛»-ն, ինչ որ երգեցողութեան նորընծայի մը նախաքայլն էր կարծես: Այդ աղջկան եգեցողութեան սրտաբուխ պատրանքէն խորապէս ազդուած, անցեալի յուշ մը ապրեցայ եւ ուզեցի թուղթին յանձնել։
«Տէր Ողորմեա՛» հոգեւոր տաղին հեղինակն է Ս. Ներսէս Շնորհալին: Անոր գրած Տէրունական եւ Սուրբերու տօներու վերաբերեալ յատուկ երգերէն մէկն է, որ մաս կը կազմէ Ս. Պատարագին: Կոմիտաս վարդապետ 1906-ին Փարիզի մէջ երգած է «Տէր Ողորմեա՛»-ն։
Անցեալին, «Տէր Ողորմեա՛»-ն կ’երգէին բնական աղէտներու եւ թշնամիներու յարձակումներուն ժամանակ: Սակայն Սիմէոն Ա. Երեւանցի Կաթողիկոսը, 18-րդ դարուն, այս հոգեւոր տաղը աւելցուցած է Ս. Պատարագին մէջ եւ ներկայիս եկեղեցւոյ մէջ կ’երգուի Ս. Հաղորդութենէն առաջ։
Տէր, ողորմեա՛. Տէր, ողորմեա՛.
Տէր, ողորմեա՛. Տէր, ողորմեա՛.
Ամենասուրբ Երրորդութիւն,
Տո՛ւր աշխարհիս խաղաղութիւն:
Եւ հիւանդաց բժշկութիւն,
Ննջեցելոց արքայութիւն:
Արի՛ Աստուած հարցն մերոց,
Որ ապաւէնդ ես նեղելոց:
Հա՛ս յօգնութիւն ծառայից քոց
Լե՛ր օգնական ազգիս Հայոց:
Տէր, ողորմեա՛. Տէր, ողորմեա՛.
Յիսուս Փրկիչ, մեզ ողորմեա՛:
Եւ ահա տարօրինակ վկայութիւն մը, թէ ինչո՞ւ էր այս նախաբանը։
2011 թուականի աշնան Տիգրանակերտի Հալէպի Հայրենակցական Միութիւնը խումբ մը ուխտաւորներ առաջնորդեց դէպի Տիգրանակերտ, ուր տեղի պիտի ունենար Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ վերօծումը Հոկտեմբեր 22-ին:
Երկար շրջան մը խզուած էր յարաբերութիւնը արեւմտահայաստանի հետ։ Սակայն շնորհիւ Հայրենակցական Միութեան մեզի համար կեանքի պիտի կոչուէր Տիգրանակերտ քաղաքը, ուրկէ դարերով հայ տաղանդներ բարձրացած էին ու հասկնալի պատճառներով հետագային յարաբերութիւնը խզած եւ նոյնիսկ՝ զբօսապտոյտները դադրեցուցած:
20 Հոկտեմբեր 2011-ին, երբ իմացայ ուխտագնացութեան շարժառիթը, որ կը վերաբերէր Տիգրանակերտի վերանորոգուած Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ վերօծումին, անմիջապէս հրճուանքս կիսեցի Լաթաքիա բնակող ընկհ. Սիրվարդ Կարպուշեանին հետ եւ որոշեցինք մաս կազմել ուխտաւորներու խումբին:
Մեծ հրճուանքով ճամբայ ելանք: Անցանք բարձր լեռներէ եւ կամուրջներէ: Հանդիպեցանք կարգ մը գիւղերու եւ գիւղացիներու ու վերջապէս՝ հասանք Ուրֆա, քիչ մը հանգստանալու եւ յատկապէս այցելելու անցեալի մեծահարուստ հայու մը շքեղ բնակարանը, որ պանդոկի եւ ճաշարանի վերածուած էր, պատին վրայ պահելով հանդերձ հայերէն գիրերով քանդակուած ընտանիքին տոհմանունը: Ոչ մէկ հայու հանդիպեցանք, սակայն յուզումով տեղեկացանք թէ հայկական շրջանէն մնացած եկեղեցին իսկ արդէն մզկիթի վերածուած էր:
Ուրֆայէն մեկնեցանք ու երկարատեւ ճամբորդութենէ ետք հասանք Տիգրանակերտ: Հիւրանոցին մօտ հանդիպեցանք մեծաթիւ հայերու, որոնք մեզի նման ուխտաւորներ էին:
Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ վերանորոգութիւնը եւ վերօծումը մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծած էր: Հայաստանի թէ Սփիւռքի տարբեր շրջաններէն մեծ թիւով մտաւորականներ, լրագրողներ, քաղաքական գործիչներ եւ ուխտաւորներ ժամանած էին ներկայ գտնուելու սրբազան արարողութեան:
Համաձայն պատմական տեղեկութիւններու, Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս եկեղեցին արժանացած է Եւրոպական Միութեան Մշակութային ժառանգութեան մրցանակին: Հայկական ճարտարապետական այս կոթողը, ըստ պատմաբաններու տեղեկութեանց, կառուցուած էր 1376-ին եւ եղած էր միջին արեւելքի հայկական ամենամեծ Առաջնորդանիստ եկեղեցին:
16-րդ դարասկիզբին շրջանը, ունեցած էր մեծահարուստ հայեր, որոնք զարդարած էին եկեղեցին իրենց նուիրաբերած արծաթեայ եւ ոսկեայ սպասներով :
1880-1881-ին, եկեղեցին ամբողջութեամբ կ’այրի, սակայն՝ 1883-ին, կը վերակառուցուի եւ կրկին կեանքի կը կոչուի։ 1913-ին, կայծակ մը կը հարուածէ զանգակատունը։ Անմիջապէս ժողովուրդը աշխատանքի կը լծուի եւ 29 մեթր բարձրութեամբ կոթական ոճով նոր զանգակատուն մը կառուցել կու տայ :
1914-ին, եկեղեցին զօրանոցի կը վերածուի Գերմանացի սպաներուն համար, իսկ զանգակատունը՝ կը քանդուի տեղացիներուն կողմէ, որովհետեւ շրջանի մզկիթներէն աւելի բարձր էր:
1950-ական թուականներուն որոշ թոյլտուութիւններով եկեղեցին վերստին կը գործէ մինչեւ 1980: Սակայն հայութեան թիւի նուազումը պատճառ կը հանդիսանայ, որ տարածքը մնայ անխնամ։ 1992-ին, եկեղեցւոյ առաստաղը փուլ կու գայ ամբողջութեամբ: 2008-ին, Պոլսոյ Պատրիարքարանը արտօնութիւն կ’առնէ եկեղեցին վերակառուցելու եւ կը յառաջացնէ վարչակազմ մը հետապնդելու շինարարական աշխատանքները:
2011-ին, եկեղեցին վերջնականապէս կը վերանորոգուի Պոլսոյ Պատրիարքութեան ընդհանուր փոխանորդ Գերշ. Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի գլխաւորութեամբ ու այսպէս 21-22 Հոկտեմբեր 2011-ին, եկեղեցւոյ մէջ կը կատարուի առաջին արարողութիւնը:
Շաբաթ կէսօրին, Հալէպի ուխտաւորներու խումբը հասած էր արդէն Տիգրանակերտ եւ դիմաւորուած տեղւոյն ծիսական խորհուրդին կողմէ: Մեծ ոգեւորութիւն էր։ Ամէն կողմ «Բարի Եկաք Տուն» վերտառով գրուած էին, եւ ուրախութեան մթնոլորտ կը տիրէր:
Երեկոյեան, տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ վերօծումը Գերշ. Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հանդիսապետութեամբ: Ներկայ էին Պոլիսէն, Հայաստանէն, Քանատայէն, Եւրոպայէն եւ Սուրիայէն ժամանած Սրբազաններ: Մեծ ուրախութիւն էր մեզի համար տեսնել Գերշ. Տ. Շահան Ս. Եպս. Սարգիսեանը եօթը խորաններու օծման արարողակարգը կատարող առաջնորդներու կողքին: Յայտնենք, թէ եկեղեցւոյ եօթը խորանները կը խորհրդանշեն մեր եկեղեցւոյ եօթը խորհուրդները, իսկ չորս դռները՝ չորս աւետարանիչները։
Եկեղեցւոյ մէջ ներկայ էին մեծաթիւ ուխտաւորներ, պաշտօնական եւ պետական ներկայացուցիչներ, Պոլիսէն ժամանած մեծաթիւ հաւատացեալներ եւ յատկապէս՝ Պոլսոյ դպրաց դասը, որ ընթացքին պատարագի հրաշալի երգեցողութեամբ կլանեց ներկաները:
Տիգրանակերտի քիւրտ քաղաքապետը հայերէն, քրտերէն, թրքերէն, անգլերէն եւ արաբերէն լեզուներով բարի գալուստ մաղթեց ուխտաւորներուն շեշտելով, որ բոլոր ներկաները իրենց տունը վերադարձած են:
Կիրակի, 22 Հոկտեմբերի առաւօտուն, եկեղեցւոյ մէջ երջանիկ բազմութիւն մը կար։ Օրուան պատարագիչն էր Գերշ. Տ. Արամ Արք. Աթէշեան: Կոմիտասեան պատարագը երգեց Պոլսէն ժամանած դպրաց դասը հրաշալի երգեցողութեամբ: Շարականներու եղանակները իրենց ելեւէջային գիծերով մեղեդիներ էին, ուր խօսքն ու մեղեդին հաւասար զօրութիւն ունէին, իրենց ընդհանուր պարզութեան եւ բազմաբովանդակութեան շնորհիւ: Գեղարուեստական արժանիքներով իսկական հոգեւոր երաժշտութիւն էր յատկապէս՝ երբ «Տէր Ողորմեա՛»-ն երգեցին ու Պոլսէն ժամանած հաւատացեալներու խումբը, ամբողջութեամբ ծունկի եկած, Տիրոջը ողորմութիւնը խնդրեց,  իսկ մենք քիչ մը ապշած եւ քիչ մը ամօթխած հիացած էինք անոնց հաւատքի զօրութեան ու ակնածանքին դիմաց։
2020-ին, թրքական կառավարութեան ծախսերով կրկին կը վերանորոգուի եկեղեցին, շնորհիւ՝ Տիգրանակերտի հայ համայնքին եւ Պոլսոյ Պատրիարքարանին հետապնդումին, քանի որ մեր դատը արդար դատ է, Աստուծոյ դատն է, հետեւաբար պիտի ապրինք յաղթելով, կառուցելով եւ վերանորոգելով։
Ահա սիրելի՛ ընթերցող  այս է աշխարհը, որուն ընթացքը մենք չենք կրնար փոխել երբ մեր անցեալի պատմութեան վկայութիւնն է Ս. Կիրակոս եկեղեցին, որ այսօր բարբարոսներու ձեռքը մնացած է ու անցեալը վերածած է ողբերգութեան։
Կողոպտուած են մեր հողերը, կալուածները, երկիրը, պատմութիւնը ու տակաւին կը շարունակեն այսօր կողոպտել Արցախը…։
«ՏԷՐ ՈՂՈՐՄԵԱ՛»
Հռիփ Կանանեան