(Մահուան Քառասունքին Տխուր Առիթով)

Եկեղեցական արարողական կեանքին մէջ յատուկ տեղ ունի թաղման կարգը։ Յատկապէս կարեւոր տեղ կը գրաւեն «Այգուց»-ի արարողութիւնն ու
«Եօթն ու Քառասունքը»։

Եօթ-ի խորհուրդը այն է, որ հանգուցեալին մարմինը եօթը օր ետք իր վերջնական հանգստութիւնը կը գտնէ հողին մէջ:

Շատ մը ազգերու համար եւս կրօնական ծէս կը համարուի մահուան քառասունքի յիշատակումը։ Ընդունուած է, որ
ննջեցեալի հոգին քառասուն օր կը շրջի գերեզմանին շուրջ, որմէ ետք կը
բարձրանայ երկինք՝ արարիչին մօտ։

Մահը բնական վախճանն է ամէն
մարդու։ Բայց՝ դժուար ու ծանր իրողութիւն, որուն հետ հաշտուիլը դժուար է։

Միսաք ապրեցաւ 90 տարի
եւ արդարացուց այդ կեանքը իր
բարի վարքով ու գործով։

Միսաք իր երկու զաւակները անուանեց Գրիգոր եւ Զոհրապ՝ ի յիշատակ նահատակ գրող, նորավէպի իշխան Գրիգոր Զոհրապի։ Իսկ դուստրը Հուրի՝ Երկնային գեղեցկուհի։

Սիրահար էր հայկական, հին գորգերու։
Միսաքի ողջ կեանքը եղած է աշխատանք բոլոր ասպարէզներու մէջ։ Հայրենասէր էր ան ու հպարտ իր մշակոյթով։ Ներդրում բերած էր շատ մը մարզերու։ Ինչպէս՝
_Մանկավարժութեան

Երկար տարիներ անհատոյց ծառայած է Լաթաքիոյ Ս. Յակոբեանց Ազգ. վարժարանին՝ դասաւանդելով Անգլերէն լեզոպ։

_Ազգային գործունէութեան
Երկար տարիներ եղած է, Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի ատենադպիր։

_Թարգմանութեան
Աւարտած ըլլալով Լաթաքիոյ Ամերիկեան գոլէճը, լաւագոյնս տիրապետած է անգլերէն գրականութեան։ Եղած է անգլերէն ու արաբերէն լեզուներու թարգմանիչ։

_Վաճառականութեան
Յաճախ ճամբորդած է Անգլիա եւ ծանօթացած է այնտեղ արտադրուած մեքենաներու, ներմուծելով զանոնք Լաթաքիա, Սուրիա։

_Գործարարութեան
Հիմնադրած է հաստոցամեքենաներու աշխատանոց, ինչպէս նաեւ մեքենաներու այլ սարքեր։

Ամենայն Հայոց բանաստեղծ
Յովհաննէս Թումանեան կ՚ըսէ.

Մենք ամէնքըս հիւր ենք կեանքում
Մեր ծնընդեան փուչ օրից,
Հերթով գալիս, անց ենք կենում
Էս անցաւոր աշխարհից։

Անց են կենում սէր ու խընդում,
Գեղեցկութիւն, գանձ ու գահ,
Մահը մերն է, մենք մահինը,
Մարդու գործն է միշտ անմահ։

Գործն է անմահ, լա՛ւ իմացէք,
Որ խօսւում է դարեդար,
Երնէ՜կ նըրան, որ իր գործով
Կ՚ապրի անվերջ, անդադար։

Բարի վարքագիծի եւ գործի մարդ էր Միսաք։ Այսպիսի նկարագիր ունեցողի մասին Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ կ՚ըսէ.
«Երկնքի առքայութեան արժանի են»։

Թող այս յուշագրութիւնս ըլլայ կաթիլ մը
ձէթ Լուսաւորիչի կանթեղին՝ որպէսզի լուսաւորէ իր ու իր գերդաստանի ննջեցեաներուն հոգիները։
Երկնային մխիթարանք՝ իր հարազատներուն եւ կեանքի ընկերուհիին՝ ՍիրվարդԳաբրիէլեան-Ճուլֆայեանին։

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի։

Դոկտ. Նորայր Մանճեան
Երեւան