Քուէյթի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմին շնորհած Հովուապետական Այցելութեան առաջին օրուան՝ Երեքշաբթի, 9 Մայիս 2023-ի երեկոյեան, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ միջ-եկեղեցական Շնորհակալական Աղօթք՝ Քուէյթի յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ:

Սոյն հաւաքական աղօթքը կազմակերպուած էր Քուէյթի Եկեղեցիներու առաջնորդներուն կողմէ: Արդարեւ, յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ յարկին տակ ներկայ էին հայ եւ եօթը այլ քրիստոնեայ համայնքներու՝ յոյն ուղղափառ, յոյն քաթոլիկ, ղըպտի ուղղափառ, ղըպտի քաթոլիկ, աւետարանական, լատին եւ մարոնիթ առաջնորդներն ու հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը:

Այս առիթով յանուն Անտիոքի յոյն ուղղափառ պատրիարքին բարի գալուստի խօսք արտասանեց Քուէյթի յոյն ուղղափառ համայնքի առաջնորդ Մեթրոպոլիտ Ղաթթաս Հազիմ եւ ողջունեց ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսի այցը Քուէյթ:

Իր պատգամին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը իր խոր գոհունակութիւնը յայտնեց ի տես քրիստոնեայ համայնքներու վայելած լայն ազատութեան Քուէյթի մէջ, ուր կրօնական համակեցութեան գեղեցիկ մթնոլորտ մը պարզուած է շնորհիւ երկրի ղեկավարութեան եւ ժողովուրդին։ Նորին Սրբութիւնը նաեւ շեշտեց, որ Քրիստոնէական համայնքները Քրիստոսով մէ՛կ եկեղեցի են, եւ անսալով Քրիստոսի պատուէրին պէտք է աղօթքով, խորհրդակցութեամբ ու գործակցութեամբ արտայայտեն եկեղեցւոյ ամբողջական միութիւնը:

Արարողութեան աւարտին հաւատացեալները մասնակցեցան աջահամբոյրի եւ բարի գալուստ մաղթեցին Վեհափառ Հայրապետին: