Սուրիոյ նախագահ Պաշար ալ-Ասատ Սէուտական Արաբիոյ թագաւոր Սալման պըն Ապտուլազիզ ալ-Սէուտէն պաշտօնական հրաւէր ստացաւ՝ մասնակցելու Արաբական Լիկայի 32-րդ գագաթնաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ Ժատտայի մէջ 19 Մայիսին:
Հրաւէր նամակը նախագահ Ասատին փոխանցեց Յորդանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Նայէֆ ալ-Սուտէյրին:

Իր կարգին, նախագահ Ասատ դեսպանին ճամբով իր ողջոյնները յղեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց թագաւորին՝ հրաւէր-նամակին համար, շեշտելով որ Արաբական Լիկայի յառաջիկայ գագաթնաժողովին գումարումը Սէուտական Արաբիոյ մէջ պիտի խթանէ արաբական միացեալ աշխատանքը՝ յանուն արաբ ժողովուրդներու ձգտումներու իրականացման: