Սուրիոյ, Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարներուն հանդիպման եզրափակիչ հաղորդագրութեամբ հաստատուեցաւ Սուրիոյ ինքնիշխանութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնն ու ահաբեկչութեան դէմ պայքարը:
Հաղորդագրութեամբ միջազգային կառոյցներէն պահանջուեցաւ օժանդակել Սուրիոյ վերականգնումի աշխատանքներուն եւ տեղահանուածներու տունդարձին: Հաղորդագրութեան մէջ յիշուեցաւ նաեւ. «Յանձնարարել չորս արտաքին գործոց փոխնախարարներուն՝ ձեւաւորել Սուրիա-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման ճանապարհային քարտէզը եւ յառաջիկային բարձր մակարդակի շփումներն ու բանակցութիւնները իրականացնել քառակողմ ձեւաչափով»: