– ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ $150,000 ՊԱՐԳԵՒԱՎՃԱՐՆԵՐ ԲԱՇԽԵՑ ՈՒՍՈՒՑԻՉ-ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՆԵՐՈՒ

– ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ԹԵԼԱԴՐՈՒԹԵԱՄԲ ՅԱՏՈՒԿ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԵՒ ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՅ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ

2023 թուականը 850-ամեակն է Հայ Եկեղեցւոյ, ժողովուրդին, ազգի մշակութային կեանքէն ներս եզակի դերակատարութիւն ունեցած մեծ աստուածաբան եւ հռետոր, մեծ հոգեւորական եւ հովուապետ, մեծ ղեկավար եւ ուսուցիչ Ս. Ներսէս Շնորհալիի (1100-1173):

Արդարեւ, իր հաւատքի եզակի տեսակով, իր Հայրապետի աչքառու նկարագրով՝ որպէս նաեւ մտաւորական եւ երաժիշտ, Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան ընթացքին հոգեւոր ղեկավարի բարձր պաշտօնին հասած ամէնէն ընտրեալներէն՝ ընտրելագոյններուն մաս կը կազմէ Շնորհալին, շնորհիւ ԻՐ ունեցած հոգեիմացական մեծ վաստակին եւ պերճ ստեղծագործութեան:

Մեկնելով այս իրականութենէն, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի հրաւէրով եւ կազմակերպութեամբ Արեւմտեան Թեմի Ազգ. Խառն ժողովի, Երեքշաբթի, 9 Մայիս 2023-ի երեկոյեան ժամը 6:30-էն սկսեալ, Առաջնորդարանի հոգեւոր խնամքին ներքեւ գործող 13 ազգային կրթարաններու (մանկամսուր-մանկապարտէզէն մինչեւ նախակրթարան, միջնակարգ եւ երկրորդական վարժարաններ) հայերէնաւանդ ուսուցիչները՝ առաջնորդութեամբ իրենց տնօրէններուն Եւ վարիչներուն, Ազգ. Առաջնորդարանի Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան սրահին մէջ ներկայ եղան Ներսէս Շնորհալիի վախճանման 850-ամեակին նուիրուած յատուկ ձեռնարկի մը, որուն ընդմէջէն մեծարուեցան՝ հայագէտ Հոգեւորականին ստեղծագործ շունչն ու դաստիարակչական ոգին իրենց մէջ մարմնաւորող Ազգ. վարժարաններու հայերէնաւանդ բոլոր ուսուցիչները:

Հանդիսութեան բացումը կատարեց Ազգ. Առաջնորդարանի դիւանապետ՝ Տիկին Քնար Գորթոշեան, ապա սրտի խօսքերով յաջորդաբար հանդէս եկան՝ Ազգ. վարչութեան ատենադպիր եւ Խնամակալ մարմնին հետ կապ՝ Տիար Ճորճ Չորպաճեան, Խնամակալ մարմնի ատենապետ՝ Տիար Սարգիս Ուրֆալեան եւ գործավար՝ Տիկին Թամար Թիւֆէնքեան, ինչպէս նաեւ տնօրէն-ուսուցիչներ, որոնք արտայայտուեցան Ազգ. վարժարաններու՝ մեր համայնքային կեանքէն ներս ունեցած այնքան կարեւոր դերակատարութեան մասին՝ շեշտելով, որ պարտաւորուած ենք առաւելագոյն ուշադրութիւն ի գործ դնել Ազգ. վարժարաններու ե՛ւ ընդարձակման, ե՛ւ վերընձիւղման գործին մէջ, որովհետեւ բազում մատղաշ աշակերտներ սպասման վիճակի մէջ են, որպէսզի կարենան իրենց դաստիարակութիւնն ու հայեցի կրթութիւնը ստանալ Ազգ. վարժարաններէ ներս: Բոլոր խօսողները մասնաւորաբար շնորհաւորեցին Առաջնորդ Սրբազանին այն քաջ մտածումը, որ երկրորդ տարին ըլլալով կը համախմբէ Ազգ. վարժարաններու հայերէնաւանդ նիւթերու բոլոր ուսուցիչները ազգի կեդրոն՝ Ազգ. Առաջնորդարանի շնորհաշատ երդիքին ներքեւ, այլեւ այս տարի, Շնորհալի մեծ Հայրապետին վախճանման 850-ամեակը առիթ առնելով՝ կը մեծարէ ուսուցչաց բազմամակարդակ ծառայութիւնները, զորս անոնք կը բերեն վասն պայծառութեան Մեսրոպի տուն ու Շնորհալիի դպրանոց՝ Ազգ. վարժարաններու կեանքէն ներս, առ ի լուսաւորութիւն մեր մատղաշ սերունդներու իմացական եւ հոգեկան աշխարհներու:

Ձեռնարկը եզրափակեց Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան՝ դիտել տալով, որ այս համախմբումը կատարուած է յատուկ առիթով մը եւ թէ մեր ժողովուրդի, ազգի, ոգեղէն հայրենիքի եւ Հայ Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս եզակի դերակատարութիւն ունեցող Ս. Ներսէս Շնորհալիի վախճանման 850-ամեակը լաւագոյն խթան հանդիսացաւ, որ մենք մեր գնահատանքի ու յարգանքի նայուածքը անգամ մը եւս դարձնենք դէպի մեր ուսուցիչները, մեր կրթական կեդրոններու նուիրեալ դաստիարակներն ու մշակները, զանոնք հրաւիրելով Ազգ. Առաջնորդարան ու պարտն ու պատշաճը կատարելով անոնց ծառայութեանց դիմաց:

Հուսկ, Առաջնորդ Սրբազանը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած՝ խնդրելով, որ Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին բարեխօսութիւնը անպակաս ըլլայ մեր ուսուցչաց կեանքի եւ անոնց ընտանեաց վրայէն, մեր Ազգ. վարժարաններու եւ բոլոր հայկական վարժարաններու վրայէն, ինչպէս նաեւ՝ բոլոր այն նուիրեալներուն վրայէն, որոնց զօրակցութեամբ ե՛ւ բարոյական, ե՛ւ հոգեւոր, ե՛ւ մտաւոր ե՛ւ նիւթական, ցայսօր արծարծ կը մնայ Մեսրոպ Մաշտոցի հանճարապատ կայծն ու Ներսէս Շնորհալիի ստեղծագործական կրակը. «Առաւելաբար այս իմաստով է, որ մենք ուզեցինք ձեր բոլորը հաւաքել այս սուրբ երդիքին ներքեւ եւ մեր ջերմախինդ գնահատանքը ցուցաբերել ձեր նուիրեալ ծառայութիւններուն նկատմամբ՝ յիշեցնելով, որ բոլորս ալ լծուած ենք նոյն առաքելութեան, ամէն մէկս տարբեր ձեւով ու հանգամանքով, բայց մեր բոլորին նպատակը մէկ ուղղութիւն է՝ հասնիլ մեր ժողովուրդի կարիքներուն եւ մեր նախնեաց հաւատքի ու մշակոյթի վառ երակը եռուն պահել մեր փոքր ածուի կեանքէն ներս»:

Յայտնենք, որ այս առիթով կազմակերպուած էր ընդունելութիւն, որուն ընթացքին ուսուցիչներ ու դաստիարակ-մշակներ դիմաւորուեցան մէկական ծաղիկով, ձեռնարկի աւարտին հրաժեշտ տուին բաւարարութեան զգացումով եւ արձակուեցան պարգեւավճարներով. Մեծն Շնորհալիի 850-ամեակին առիթով իւրաքանչիւր ուսուցիչ ստացաւ 850 տոլար վճարագիր-նուէր, առ ի գնահատանք իր առաքելութեան:

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայրական թելադրութեան ականջալուր, այս առիթով Արեւմտեան Թեմի Ազգ. Առաջնորդարանը զօրակցական նոր ժեսթ մը կը կատարէ նաեւ Լիբանանի եւ Սուրիոյ Ազգ. վարժարաններու ուսուցիչներուն: