Շուշիի ազատագրման օրը մեզ կը մղէ վեր առնելու կրկին բերդաքաղաքի հայկական դիմագիծը, վերյիշելու անոր մշակութային վերելքի տարիները ու զգաստութեամբ հետեւելու, թէ թուրք-ատրպէյճանական ինչպիսի՛ ճիգեր ի գործ կը դրուին անոր հայկական դիմագիծը բռնի ուժով աղաւաղելու եւ 1820-ականներէն իսկ արեւելահայոց եւ ողջ կովկասեան տարածաշրջանի մշակութային կեդրոն դարձած այս բերդաքաղաքի աւելի քան 200 հայկական մշակութային կոթողները աստիճանաբար քանդելով հայկական Շուշին դարձնելու թրքական մշակոյթի մայրաքաղաք:

Փաստօրէն Արցախի 44-օրեայ պատերազմը հազիւ աւարտած, թուրք-ատրպէյճանական ծրագիրը անմիջապէս գործի կը դրուէր՝ առանց ժամանակ կորսնցնելու Շուշիի հայկական դիմագիծը փոխելու: 2022-ին Թրքական մշակոյթի միջազգային կազմակերպութիւնը կը փութար 2023-ին գրաւեալ քաղաքը հռչակելու թրքական աշխարհի մշակութային մայրաքաղաք:

Ինչո՛ւ կը կեդրոնանային յատկապէս Շուշիի վրայ: Որովհետեւ քաջ գիտէին անոր հայկական մշակութային հարուստ անցեալը ու հարկ կը զգային վերացնել հայկական հետքերը բացայայտ ճիգերով:

Անոնք չէին բաւարարուեր միայն Շուշիի դիմագիծը նենգափոխելով, այլեւ կը շարունակէին ամրագրել Ատրպէյճանի 44-օրեայ պատերազմէն ետք արձանագրած յառաջխաղացքը կարելի փութկոտութեամբ, որովհետեւ քաջ գիտէին, որ Արցախի կարգավիճակի հարցը չէ փակուած, ուստի բնակչութիւնը շրջափակման ենթարկելով ու արցախցիները գաղթի մղելով պիտի նպաստէին Արցախը հայաթափելու իրենց ծրագիրներուն ու հարցի կարգաւորումը աստիճանաբար ուղղէին դէպի անել ճամբայ:

Այո՛, Արցախի կարգաւորման հարցը կը մնայ անլոյծ, հետեւաբար արցախցիներուն ճակատագրին սպառնացող որեւէ ստորագրութիւն կամ յայտարարութիւն, աշխարհաքաղաքական ներկայ զարգացումներու պարտադրանքին տակ, որ պաշտօնական վերջնակէտը կրնայ ըլլալ Արցախի գոյութեան, զանց պէտք է առնուի ու արցախցիին գոյատեւման երաշխիքները ամրագրելու համահայկական աշխատանք տարուի այս փուլին:

Շուշիի կորուստը հետեւանք էր նաեւ տարածաշրջանին մէջ գերպետութիւններու ուժերու բախումին: Որեւէ պարտութիւն, սակայն, վերջակէտ չի կրնար դնել անլոյծ մնացած ու պայքարի ճամբայ նուաճած Արցախի հարցին:
Արցախցին պայքարի դրօշը պարզած է ու իր ազատ ինքնորոշման իրաւունքը սակարկութեան առարկայ չի դարձներ:

Արցախցին առանձին չէ, սակայն մեր բոլորին շօշափելի աջակցութեան կարիք ունի՝ գէթ պահպանելու իր գոյութիւնը մինչեւ Արցախի կարգավիճակին հարցը իր բարւոք լուծումին հասնի:

Այս ժամանակաշրջանն է, որ կ’ուզեն օգտագործել Ատրպէյճանն ու Թուրքիան ու այլազան սպառնալիքներով Արցախի ժողովուրդը յուսահատութեան եզրին հասցնել: