Ապրիլ ամիսը բոլորովին տարբեր ամիս մըն է  մեզի համար։ Ամիս մը, երբ հայութիւնը ինքզինք, իր էութեան արմատներուն կը դառնայ։ Ամիս մը, երբ պայքարի գաղափարը  ինքնագիտակցութեան խթանման հիմք կը դառնայ։
Փոքր տարիքէս դպրոցական գրասեղաններուն ետեւ նստած եւ միութենական աշխատանքներուս մէջ յաճախ լսած եմ պայքար բառը, բայց բառին ամբողջական  եւ ճշգրիտ իմաստը ըմբռնած եմ, երբ սերտելով պատմութիւնը եւ ապրելով ներկան, անոնց միջեւ գոյութիւն ունեցող կապը ամրապնդել փորձած եմ։ Ակումբն ու դպրոցը մեծ դեր ունեցած են ինքնութեանս պահպանման ու ազգային գիտակցութեանս ձեւաւորման մէջ:
Հալէպի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման արարողութիւնները տեղի կ’ունենան քանի մը փուլերով՝ յուշ երեկոներ, ծաղկեմատոյց եւ այլն: Վերջին տարիներուն մեծ ընդունելութիւն գտած էր  ժողովրդային ջահերթը, որ կը համախմբէր հալէպահայ երիտասարդներն ու միութենականները, հոգեւոր պետերն ու ժողովուրդը՝ միասնաբար բողոքի մեր ձայնը, մեր պահանջը բարձրացնելու, ոգեկոչելու նահատակներուն յիշատակը, նաեւ Սուրիոյ ժողովուրդին ծանօթացնելու մեր պայքարին էութիւնը:
Իբրեւ Սփիւռքի զաւակ, յաճախ Հալէպի թաղերէն անցնելով զգացած ու ապրած եմ Երեւանի ջահերթի իմ քոյրերուն եւ եղբայրներուն քայլերը, մաղթած եմ որ մեր աշխատանքը միանայ ու պտղաւորուի անպայման՝ մեր նոր մտածելակերպով, հայրենասիրութեամբ ու զիրար նեցուկ կանգնելու պատրաստակամութեամբ:
Մեր բոլորին մտապատկերին մէջ  լոյս մը կայ, որ կը լուսաւորէ մեր երազները ու մեզ միացնելու ուղիներ ցոյց կու տայ յաճախ։
Այս տարի Ապրիլ ամսուան ընթացքին Հայաստան հաստատուած էի արդէն: Հաւանաբար հայրենի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն համար ջահերթը սովորական արարողութեան մը վերածուած էր այլեւս, սակայն ինծի համար հայրենիքիս մէջ ջահերթի մասնակցիլը վերապրելու կամքի ամրացումն էր, ողջ էութիւնս ցնցող մարտահրաւէր մը:
«Դարձի՛ր Ջահակիր»…  Այս տարի ես ալ առիթը ունեցայ դառնալու ջահակիր: Ջահակիր մը, որուն հետ մեծցած է Արեւմտահայաստանէն Սուրիա հասած իր պապերուն վրէժի զգացումը եւ արդարութիւնը վերականգնելու կանչը։
Այս անգամ ալ ջահս բարձրացուցած Երեւանի մէջ քալեցի ու հասայ Ծիծեռնակաբերդ:
«Մէկ Հայրենիք, մէկ դատ, մէկ ճանապարհ՝ պայքար».  այս գրութիւնը կրող պաստառներ բարձրացուցած կը քալէինք դէպի Ծիծեռնակաբերդ:
Յուզիչ էր, միաժամանակ ոգեւորիչ տեսնել այսքան երիտասարդութիւն իր ազգին իրաւունքներուն համար պայքարելու պատրաստակամութեամբ: Ջահերթը կ’առաջնորդէր ՀՄԸՄ-ի փողերախումբը: Հայոց Ցեղասպանութիւնը ընդունող երկիրներու դրօշները մէկ առ մէկ կը ծածանէին մեր դիմաց: Բազմահազար ժողովուրդը կանթեղներով «Պայ՜քար… պայքար» կոչելով աւելի քան չորս ժամ կը քալէր՝ ազգային երգերով եւ պատգամներով լիցքաւորուելով:
Հայրենի հողին ուժը զգացի, կլիման բնաւ չխանգարեց մեր քայլերը, անձրեւը չխամրեցուց մեր ջահերը: Գրիչս կը մնայ անզօր նկարագրելու այդ ժամերու հպարտութեան զգացումներս: Գիտակից երիտասարդ սերունդներ ամբողջ թեւ-թեւի տուած կը քալէին:
Մերթ ընդ մերթ մտքով կը թըռչէի Հալէպ, ուր եւս ջահերթ տեղի կ’ունենար: Կողքս տեսայ Հալէպի իմ ընկերներէն շատեր՝ Այգը, Մակտալենան, Շանթը, Էլենան, Արփին եւ…: Բոլորն ալ ինծի նման եկած հասած էին հայրենիք: Մեր փոքր երազը իրականացած էր, հաստատուած էինք հայրենիք, սակայն մեր պապերուն կանչը մեզ կը մղէր մեծ երազի իրականացման համար պայքարի:
Սուրիական դրօշը տեսնելով բոլորս պահ մը իրար նայեցանք: Այո՛, Սուրիոյ մէջ, Հալէպի մէջ հասակ առինք հայրենասիրութեան ոգիով, մեր ազգային արժէքներուն տէր կանգնելու գիտակցութեամբ: Հալէպը շատ բան տուաւ մեզի, պարտական ենք անոր:
Վառեցինք ջահերը յանուն մեր սրբադասուած նահատակներուն, յանուն մեր պայծառ ապագային եւ ի հեճուկս մեր գոյութեան սպառնացող թշնամիին:
Ժիրայր Կարապետեան