Շաբաթ, 13 Մայիս 2023-ի միջօրէին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան, Լաթաքիոյ հայութեան իր տուած հովուական անդրանիկ այցելութեան ընթացքին, պատուիրակութեամբ այցելեց Լաթաքիոյ Յոյն Ուղղափառ Համայնքի Առաջնորդ Աթանասիոս Ֆահտ Եպիսկոպոսին։
Սրբազան Հօր պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Կրօնական Ժողովի ատենապետ Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան, Քեսապի Հոգեւոր Տեսուչ Հոգշ. Տ. Անդրանիկ Վրդ. Քիւրիւմեան, Լաթաքիոյ եւ Ծովափնեայ շրջանի Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տ. Վազգէն Ա. Քհնյ. Քէօշկէրեան, Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի անդամ Աւօ Կարպուշեան, Ազգային Վարչութեան անդամ Արմէն Գասպարեան, Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի ատենապետ տոքթ. Մինաս Պալեան եւ Լաթաքիոյ թաղականութեան անդամ Սագօ Քէչէճեան:

Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին եղբայրական ջերմ ողջոյններ փոխանակուեցան եւ համագործակցութեան, բարեբեր ծառայութեան եւ յաջող գործունէութեան բարեմաղթութիւններ փոխանցուեցան:

Յոյն Ուղղափառ Առաջնորդը, շնորհաւորեց սրբազան հայրը Առաջնորդ ընտրուելուն առիթով եւ օրհնաբեր ծառայութիւն մաղթեց անոր:

Սրբազան Հայրը Թեմի ժողովուրդին ու ժողովականութեան ողջոյնները փոխանցեց Յոն Ուղղափառ Առաջնորդին եւ բարօր օրեր մաղթեց համայնքի զաւակներուն: