Շաբաթ, 13 Մայիս 2023-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ դպրաց եւ կիսասարկաւագաց ձեռնադրութիւն, ձեռամբ եւ օրհնութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի, խարտաւիլակութեամբ Քեսապի Հոգեւոր Տեսուչ Հոգշ. Տ. Անդրանիկ Վրդ. Քիւրիւմեանի:
Ձեռնադրութեան հոգեպարար արարողութեան ներկայ գտնուեցան Առաջնորդի Օգնական Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան, եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդը, ազգայիններ եւ քեսապահայութեան հոծ բազմութիւն:

Ձեռնադրութեան պահը, իր հոգեթով արարողակարգով հոգեկան ցնծութիւն եւ բերկրանք պատճառեց ներկաներուն։
Հայ Եկեղեցւոյ մէջ ծառայելու կոչուած վեց դպիր-դպրուհիներ եւ չորս կիսասարկաւագներ ձեռնադրուեցան:
Դպիր-դպրուհիներն էին՝ Սթիւ Չափարեան, Սիլվա Աշըգեան, Յասմիկ Բենթէզեան, Ալիս Թրթռեան, Սոնիա Քորթմոսեան եւ Պեթի Ղազարեան:
Կիսասարկաւագներն էին՝ Ժոզէֆ Արամեան, Ռաֆֆի Կարճիկեան, Ճորճ Ղազարեան եւ Նարեկ Լնդեան:
Սրբազան հայրը իր հայրական պատգամը ուղղեց քեսապահայութեան անդրադառնալով ծառայութեան կարեւորութեան: Ան բարեպաշտ ժողովուրդին պարզեց ծառայութիւնը մեր կեանքին մէջ արժեւորելու կերպերուն, հրաւիրելով ներկաները ծառայութեան ո՛չ թէ խօսքով, այլ գործով եւ օրինակելի ապրելակերպով:

Այնուհետեւ, սրբազան հայրը Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին անունով ձեռնադրեալներուն փոխանցեց «Նոր Կտակարան» Աստուածաշունչը:
Աւարտին, ձեռնադրեալները Ս. Խորանին առջեւ կանգնելով ընդունեցին ժողովուրդին շնորհաւորութիւնները: