Շաբաթ, 13 Մայիս 2023-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան Լաթաքիոյ հայութեան իր տուած հովուական այցելութեան ընթացքին պատուիրակութեամբ այցելեց Լաթաքիոյ կուսակցապետ երկրչ. Հայսամ Իսմայիլին, որուն կողմէ ջերմապէս դիմաւորուեցաւ:

Սրբազան Հօր պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Կրօնական Ժողովի ատենապետ Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան, Քեսապի Հոգեւոր Տեսուչ Հոգշ. Տ. Անդրանիկ Վրդ. Քիւրիւմեան, Լաթաքիոյ եւ Ծովափնեայ շրջանի Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տ. Վազգէն Ա. Քհնյ. Քէօշկէրեան, Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի անդամ Աւօ Կարպուշեան, Ազգային Վարչութեան անդամ Արմէն Գասպարեան, պատկան մարմինի ներկայացուցիչ Յարութ Գաբրիէլեան, Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի ատենապետ տոքթ. Մինաս Պալեան, Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի ատենապետ Վիգէն Լնդեան եւ Լաթաքիոյ թաղականութեան անդամներ՝ Սագօ Քէչէճեան եւ Վարդան Եագուպեան:

Ջերմ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ ծովեզերեայ շրջանին իր տուած հովուական անդրանիկ այցելութեան, յայտնելով, որ սուրիահայութիւնը հաւատարիմ կը մնայ երկրի օրէնքներուն եւ միշտ պատրաստ է իր կեանքը նուիրաբերելու երկրի բարօրութեան եւ պաշտպանութեան համար:

Մակար Սրբազան յայտնեց, թէ թէեւ ողջ աշխարհը Սուրիոյ դէմ պատերազմեցաւ եւ փորձեց աւեր գործել, սակայն Սուրիան իր սկզբունքներուն հաւատարիմ մնալով, իր վսեմաշուք նախագահով եւ բանակով առանձին պատերազմեցաւ եւ յաղթանակեց: Ան աղօթեց Սուրիոյ պետութեան վսեմաշուք նախագահ տոքթ. Պաշշար ալ-Ասատին, բանակին եւ պետական պատասխանատուներուն համար, որպէսզի Ամենակալը իրենց աստուածային իմաստութիւն պարգեւէ՝ ճիշդ որոշում առնելու եւ ժողովուրդին կեանքը բարելաւելու:

Կուսակցապետը, իր կարգին, շնորհակալութիւն յայտնեց այս մտերմիկ այցելութեան համար եւ եղբայրական սիրոյ սերտ գործակցութեան անդրադառնալով Սրբազան Հօր առաջնորդութեամբ բարօրութիւն մաղթեց Բերիոյ Հայոց Թեմի ժողովուրդին եւ ժողովականութեան: