«Երկիր» – Պրիւքսէլի մէջ աւարտին հասած է Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի երկկողմ հանդիպումը։

Տեղւոյն Ժամը 15:00-ին նախատեսուած է եռակողմ հանդիպում Նիկոլ Փաշինեանին, Ատրպէյճանի նախագահին եւ Եւրոպական Խորհուրդի ղեկավարին մասնակցութեամբ։

Նախօրէին հաղորդուած էր, որ Նիկոլ Փաշինեան Պրիւքսէլի մէջ ոչ-պաշտօնական հադիպում ունեցած է Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլի հետ:

Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են տարածաշրջանի մէջ հաստատուած ռազմաքաղաքական եւ մարդկային իրադրութեան շուրջ:

Փաշինեան անդրադարձած է վերջին օրերու ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ ատրպէյճանական զինեալ ուժերու սադրիչ եւ յարձակողական գործողութիւններուն հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին, որոնց նպատակն է խաթարել խաղաղ բանակցութիւններու շարունակման ճիգերը:

Քննարկուած են Ատրպէյճանի կողմէն Լաչինի միջանցքի ապօրինի շրջափակման հետևանքով ԼՂ-ի մէջ ստեղծուած մարդկային ճգնաժամին, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերող հարցեր:

Անդրադարձ կատարուած է 14 Ապրիլին նախատեսուած Փաշինեանի, Եւրոպական Խորհուրդի նախագահի եւ Ատրպէյճանի նախագահի եռակողմ հանդիպումին եւ ընդգծուած է 1 Յունիսին Քիշնեւի մէջ՝ Եւրոպական քաղաքական համայնքի գագաթնաժողովին, Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնի եւ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի մասնակցութեամբ հնգակողմ հանդիպում կատարելու կարեւորութիւնը: