Կիրակի, 14 Մայիս 2023-ի առաւօտուն, Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին տեղի ունեցաւ սարկաւագաց ձեռնադրութիւն, ձեռամբ եւ օրհնութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի, խարտաւիլակութեամբ՝ Քեսապի Հոգեւոր Տեսուչ Հոգշ. Տ. Անդրանիկ Վրդ. Քիւրիւմեանի: Արարողութեան ներկայ գտնուեցան Առաջնորդի Օգնական Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան եւ քեսապահայութեան հոծ բազմութիւն:

Պատարագը մատոյց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, առընթերականեր ունենալով՝ Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան եւ Հոգշ. Տ. Անդրանիկ Վրդ. Քիւրիւմեան: Եկեղեցւոյ օրհնաբեր կամարներուն ներքեւ, դպրաց դասի շարականներու երգեցողութեամբ հաւատացեալները հոգեպէս ներշնչուեցան:

Յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, Սրբազան Հօր ձեռամբ կատարուեցաւ սարկաւագաց ձեռնադրութիւն: Երկու կիսասարկաւագներ, խարտաւիլակ Հայր Սուրբին առաջնորդութեամբ, ծնրադիր բարձրացան Ս. Խորան, ուր ուխտեցին Հայ Եկեղեցւոյ եւ Ս. Սեղանի ծառայութեան նուիրուիլ: Ձեռնադրիչ Սրբազան Հայրը անոնց ձախ ուսերուն վրայ զետեղեց սարկաւագութեան խորհրդանիշ ուրարները:

Սարկաւագ ձեռնադրուեցան հետեւեալ կիսասարկաւագները.- Արամ սրկ. Քորթմոսեան եւ Անդրանիկ սրկ. Հանէսքէհեան:

Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատգամին բնաբանն էր հետեւեալ համարը. «Երանի՜ այն մարդուն, որ ինծի մտիկ կ’ընէ, որովհետեւ կեանքը պիտի գտնէ եւ Աստուծմէ շնորհք պիտի ստանայ»: Սրբազան Հայրը ընդհանուր գիծերու մէջ անդրադարձաւ սարկաւագի արժանիքներուն, մատնանշելով յատկապէս ծառայութեան եւ հեզութեան կարեւորութիւնը, որ կ’արտայայտուի ո՛չ թէ խօսքով, այլ գործնական եւ առաքինի կեանքով: Սրբազան Հայրը իր հայրական յորդորները փոխանցելով շնորհաւորեց նորոգ ձեռնադրեալ սարկաւագները եւ ողջ քեսապահութիւնը՝ այս պատմական օրուան առիթով, որովհետեւ տարիներէ ի վեր Քեսապի մէջ սարկաւագաց ձեռնադրութիւն տեղի չէր ունեցած:
Պատարագի աւարտին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին կողմէ նոր ձեռնադրեալ սարկաւագներուն «Նոր Կտակարան» Աստուածաշունչը նուիրուեցաւ:

Աւարտին, յիշատակի խմբային լուսանկար առնուեցաւ, ապա Սրբազան Հայրը այցելեց նաեւ Քեսապի Ս. Աստուածածին Կիրակնօրեայ Դպրոց, ուր հանդիպում ունեցաւ Կիրակնօրեայ Դպրոցի ուսուցչական կազմին եւ աշակերտներուն հետ, զրուցեց անոնց հետ եւ մօտէն հետեւեցաւ կիրակնօրեայ դպրոցէն ներս տարուած առաքելութեան: