Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ ընդունեց Դամասկոսի մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպանատան գործակատար Ապտըլ Հաքիմ Նաաիմին, որ նախագահ Ասատին յանձնեց Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահ Մուհամմէտ պըն Զայէտ ալ-Նահեանի կողմէ ուղղուած հրաւէրը՝ Տուպայի մէջ 30 Նոյեմբերէն 12 Դեկտեմբերի միջեւ տեղի ունենալիք «COP28» կենսոլորտի շուրջ խորհրդաժողովին ներկայանալու համար։