Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան մասնակցութեամբ, Ժատտէի մէջ ընթացք առաւ յառաջիկայ 19 Մայիսին արաբական գագաթնաժողովի տնտեսական խորհուրդի պատասխանատուներուն նախապատրաստական ժողովը։

Մասնակցող արաբական կարգ մը երկիրներու՝ ինչպէս Սէուտական Արաբիոյ, Լիպիոյ, Իրաքի, Մարօքի, Օմանի պատուիրակութիւնները եւ Արաբական Լիկայի քարտուղարին տնտեսական հարցերու օգնականը ողջունեցին Սուրիոյ մասնակցութիւնը այս ժողովին։

Իր կարգին սուրիական պատուիրակութեան նախագահ, Սուրիոյ տնտեսութեան փոխնախարար Ռանիա Ահմատ յայտնեց, որ Սուրիան շնորհակալ է արաբական երկիրներէն՝ երկրաշարժի աղէտին լոյսին տակ Սուրիոյ ժողովուրդին ցուցաբերած իրենց օգնութիւններուն համար։
Ան աւելցուց, որ Սուրիան նախանձախնդիր է սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձին նկատմամբ, ինչ որ կը պահանջէ անոնց բնակած շրջաններուն մէջ տնտեսական կեանքի նկատելի բարելաւում։