{Ամբողջականը կարդալ այստեղ.- https://www.armenianorthodoxchurch.org/archives/50447 }
~ ~ ~ ~ ~ ~ ~
֍ Այս տարի 15 նոր ընծաներ կը միանան հայ եկեղեցւոյ դպիրներու եւ կիսասարկաւագներու դասուն, օրհնութեամբ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին։

֍ Ձեռնադրութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Կաթողիկոսարանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, յընթացս Ս. եւ Անմահ Պատարագին, ձեռամբ Գերաշնորհ Տէր Շահան Արքեպիսկոպոս Սարգիսեանի՝ «Կիլիկիա» մատենադարանի, հնատիպերու ու ձեռագիրներու բաժանմունքներու տեսուչ, եւ խարտաւիլակութեամբ Հոգեշնորհ Տէր Ազատ Աբեղայ Ֆիլիքեանի։

֍ Կիսասարկաւագ ձեռնադրուեցան Մինաս Ճանսըզեան, Յակոբ Սրապոնեան, Յովհաննէս Պայտունեան եւ Աբրահամ Պայտունեան։

֍ Դպրութեան կարգ ստացան Յովիկ Խաչիկեան, Հրաչ Պէրպէրեան, Պետրոս Պետրոսեան, Քրիստափոր Գայէշեան, Ժան Օքչաօղլեան, Համբիկ Գալըպճեան, Յակոբ Դանիէլեան, Յակոբ Պուճիքեան, Արմէն Չափարեան, Գրիգոր Իսքէնեան եւ Ալպէր Տիէպ։

֍ Արարողութեան աւարտին, ձեռնադրիչ Շահան սրբազան իր պատգամը փոխանցեց` մեկնելով ձեռնադրութեան ընթացքին կարդացուած Մարկոսի Աւետարանէն (Մր 10.15), ուր կը նկարագրուի Յիսուսի ջերմ վերաբերմունքը մանուկներուն հանդէպ` եզրակացնելով. «ով որ Աստուծոյ Արքայութիւնը չ՚ընդունիր մանուկի մը պէս, չի՛ կրնար հոն մտնել»:

֍ Ձեռնադրութեան արարողութենէն ետք Ս. Սեղանին սպասարկութիւնը կատարեցին նորընծայ դպիրներն ու կիսասարկաւագները։