Կիրակի, 14 Մայիս 2023-ին, նախագահութեամբ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, Սուրբ եւ Անմահ պատարագ մատուցուեցաւ Հասիչէի Սուրբ Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ։ Պատարագեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երիտասարդ միաբաններէն՝ Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան։
Հայր Սուրբին բնաբանը քաղուած էր Յովհաննու Աւետարանին երրորդ գլխուն 16-րդ համարէն. «Որովհետեւ Աստուած այնքան սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իսկ Իր Միածին Որդին ղրկեց, որպէսզի Անոր հաւատացողը չկորսուի, այլ՝ յաւիտենական կեանք ունենայ»։
Հուսկ՝ եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ մտերմիկ հանդիպում՝ Հայր սուրբին եւ ժողովուրդին միջեւ։ Աւարտին, Առաջնորդական Փոխանորդ Հայր Լեւոնը Հասիչէիի հայ համայնքին տեղեկացուց, թէ յառաջիկայ Ուրբաթ՝ 19 Մայիս 2023-ին, Գամիշլի պիտի ժամանէ թեմիս Տիրախնամ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մակար եպս. Աշգարեանը։ Իսկ Չորեքշաբթի, 24 Մայիս 2023-ին հովուական այցելութիւն պիտի կատարէ Հասիչէ։
Հայր Սուրբը ծանօթացաւ ու հանդիպում ունեցաւ Կիրակնօրեայ վարժարանի մանուկներուն եւ ուսուցչաց կազմին հետ, առաջին հերթին ան գնահատեց ուսուցիչներու նուիրեալ ծառայութիւնը, ապա եղբայրական խրատներով յորդորեց ու քաջալերեց հայ ազգի ապագայի լուսափայլ մանուկները, որպէսզի երբեք չհեռանան Կիրակնօրեայ դպրոցէն, այլ՝ միշտ կառչած մնան Հայ եկեղեցւոյ ու հայ ազգային մշակոյթին, իբրեւ մեր լինելութեան գրաւականը։
երեկոյեան, Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան, ընկերակցութեամբ Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեանի, Հասիչէի եւ Գամիշլիի թաղականութեան, հետեւեցաւ Հասիչէի գաղութէն ներս նոր կազմուած երգչախումբի աշխատանքներուն։ Երգչախումբի ղեկավարն է Բրշ. Գրիգոր Սրկ. Մարտիրոսեան։
Հայր սուրբը, իր ուրախութիւնը յայտնեց երգչախումբին յառաջացման համար, որ նոր կեանք պիտի տայ Հասիչէի հայ համայնքին՝ առաւել եւս համախմբուելու եկեղեցւոյ եւ ազգին շուրջ։ Ան քաջալերական եւ խրախուսիչ խօսքերով եւ խոստումներով ամրապնդեց անդամներուն ներկայութիւնը։ Հայր սուրբը, իր անսահման զօրակցութիւնը յայտնեց երգչախումբի վարչութեան եւ անդամներուն։
Յայտնենք՝ թէ երգչախումբը իր առաջին պաշտօնական ելոյթը պիտի ունենայ Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման տօնին առիթով, Չորեքշաբթի, 24 Մայիսին, նախագահութեամբ Թեմիս Տիրախնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Ս. Եպս. Աշգարեանի իր տուած Հովուական այցելութեան ընթացքին։