Լոս Անճըլըսի մէջ քաղաքային խորհուրդը որոշած է Ուիլշիր պուլուարի եւ Կրենուիլ պողոտայի խաչմերուկը անուանակոչել Արցախի Հանրապետութեան հրապարակ, յայտնած է LAist-ը։
Նման որոշումը, ըստ քաղաքային խորհուրդի ղեկավար Փօլ Գրեգորեանի գրասենեակին, «լոսանճըլըսցիներու համերաշխութեան ընդառաջում է Արցախի ժողովուրդին»։
«Ատրպէյճանի բռնապետը ուղղակիօրէն սպառնացած է հայ ժողովուրդին ցեղասպանութեամբ եւ կոչ ուղղած է բոլոր հայերը վտարել իր հաւակնած տարածքներէն», ըսուած է գրասենեակի հաղորդագրութեան մէջ։ Յունուարի վերջաւորութեան ԱՄՆ-ի հայ համայնքի ներկայացուցիչները Ուաշինկթընի մէջ՝ Սպիտակ տան մօտ, Արցախին աջակցելու ցոյց կատարած են։ Անոնք ԱՄՆ վարչակազմէն պահանջած են վերացնել Արցախի ատրպէյճանական շրջափակումը, օդային ճանապարհով օգնութիւն հասցնել հանրապետութիւն եւ դադրեցնել զինուորական օգնութիւնը Ատրպէյճանին։ Իրենց «Էքոաքթիվիսթ» կոչուող խումբ մը ատրպէյճանցիներ 12 Դեկտեմբեր 2022_ի առաւօտեան փակած են Լաչինի միջանցքը, որուն հետեւանքով Արցախը յայտնուած է շրջափակման մէջ։ 23 Ապրիլէն Ատրպէյճանը անցակէտ տեղադրած է Լաչինի միջանցքին։ Աւելի ուշ Հայաստանը Պաքուի դէմ դիմում ներկայացուց Արդարադատութեան միջազգային դատարան՝ երկիրը Արցախին հետ կապող միակ ճանապարհի վրայ գտնուող ատրպէյճանական անցակէտին պատճառով։