Քիմիական Զէնքերու Կանխարգիլման Կազմակերպութեան մէջ Սուրիոյ Հանրապետութեան մնայուն բանագնաց Միլատ Աթիա քիմիական զէնքերու համաձայնութեան ընթացքին վերաբերող 5-րդ ժողովին յայտնեց, որ ԱՄՆ եւ արեւմտեան կարգ մը պետութիւններ կը շարունակեն միջազգային կազմակերպութեան աշխատանքը քաղաքականացնել։ Ան կոչ ուղղեց մասնակցող պետութիւններուն լրջօրէն անդրադառնալու կազմակերպութեան աշխատանքի քաղաքականացման վտանգաւոր հետեւանքներուն։