Չորեքշաբթի, 17 Մայիս 2023-ին սուրիական տարբեր նահանգներու մէջ 3.040.056 աշակերտներ, բաժնուած 14.000 դպրոցներու մէջ, ուղղուեցան 2022-2023 տարեշրջանի երկրորդ կիսամեակի աւարտական քննութիւններուն։

Քննութիւնները պիտի շարունակուին մինչեւ 25 Մայիս 2023։