Ճակատագրական պահեր կ’ապրին Հայաստանն ու ողջ հայութիւնը, որովհետեւ ատրպէյճանաթրքական պարտադրանքները յանուն այսպէս կոչուած «խաղաղութեան» կը ձգտին թէ՛ Արցախը Ատրպէյճանի մաս դարձնել վերջնականապէս, թէ՛ հայ ժողովուրդի պատմական իրաւունքները հիմնովին, Հայաստանի սահմանադրութիւնն իսկ անտեսելով, մէկընդմիշտ ջնջել ու շրջապատել Հայաստանը տնտեսապէս եւ ռազմականօրէն:
2020-ի պատերազմէն վերջ, Ատրպէյճան, իր յարձակողապաշտ քաղաքականութեամբ եւ սպառնական ոճով, ամէն ջանք ի գործ կը դնէ Հայաստանին պարտադրելու այնպիսի պայմաններ, որոնցմէ ետդարձ կրնայ չըլլալ, եթէ պարտուողական  համաձայնութեան մը տակ ստորագրութիւն դրուի  հայկական կողմէն:
Արցախի բնակչութեան ինքնորոշման իրաւունքը բնաւ չ’արծարծուիր հայկական կողմէն, չի շեշտուիր, որ Ատրպէյճանի իսկ սահմանադրութեամբ հաստատուած է, որ Ատրպէյճան ժառանգորդն է 1920-ին անկախացած պետութեան, անոր տարածքներուն, որոնց Արցախն ու Նախիջեւանը մաս չէին կազմեր:
Տակաւին Պրիւքսէլի եռակողմ վերջին ժողովին մասին հրապարակուած լրատուութիւնն ու Շառլ Միշէլի մամլոյ միանձնեայ ասուլիսը անդրադարձ իսկ չէին կատարեր Ատրպէյճանի մէջ հայ գերիներու ճակատագրին ու Արցախի շրջափակման:
Փաստօրէն Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան համաձայնութիւն չէ որ կը նախապատրաստուի, այլ երկու երկիրներուն միջեւ եղած տագնապը կառավարելի դարձնելու փորձեր կը կատարուին, Հարաւային Կովկասի աշխարհաքաղաքական ներկայ մրցակցային պայմաններուն մէջ, որպէս Արեւմուտքի եւ Ռուսիոյ շահերու բախման հետեւանք:
Հայաստանի իշխանութիւնն ու հայ քաղաքական տարբեր ուժեր Ատրպէյճանի խոցելի կողմերը հարկ է որ լուսարձակի տակ բերեն, պարզեն անոր ոճրային արարքները, ներքին քաղաքական կեանքի փխրուն վիճակը, Արցախի ժողովուրդին ցեղասպանութեան ենթարկելու բացայայտ ծրագրերը ու դիւանագիտական բոլոր լծակները օգտագործեն զերծ մնալու Ատրպէյճանի ու անոր սատարող ուժերու բանեցուցած ճնշումներէն ու պարտադրուող պարտուողական համաձայնութիւններէն:
Հայ քաղաքական ուժերն ու Սփիւռքը, քաղաքական գործիչներն ու մտաւորականները, աշխարհի տարբեր կողմերուն մէջ ազդեցութիւն ունեցող հայկական լոպպին ճակատագրական այս պահուն է որ ցոյց պիտի տան տագնապի յաղթահարման ու հայ ժողովուրդի, հայրենիքի շահերու պաշտպանութեան իրենց գործուն մասնակցութիւնը, անկախ հատուածական շահերէ:
Ամէն ժամանակներէ աւելի այս օրերուն հարկ է ստեղծել քաղաքական այնպիսի երկխօսութեան հարթակ, որ կրնայ փըրկել հայրենիքն ու ազգը կործանումի առաջնորդող ծուղակներէ:
Խաղաղութեան ծածկոյթին տակ Հայաստանին ու հայ ազգին կը փորձեն հեւ ի հեւ պարտադրել ոչ միայն հողերէ, այլեւ տարբեր իրաւունքներէ հրաժարելու համաձայնութեան մը ստորագրութիւնը:
Յանձնուիլը լուծում չէ, նոյնիսկ եթէ ուժային յարաբերութիւնը Ատրպէյճանի հետ հաւասարակշռուած չէ: Եթէ միջազգային ուժեր կը ջանան կառավարելի դարձնել Հայաստան-Ատրպէյճան տագնապը, միւս կողմէ Թուրքիան, օգտուելով առիթէն, սահմաններ բանալու պատրանք կը յառաջացնէ պարզապէս, իր կարգին զիջումներ պարտադրելով Հայաստանին ու հայ ազգին, հայկական կողմը եւս տագնապը կառավարելի դարձնելու իր բանաձեւը ունենալու է, առանց ուղղուելու հայրենիքին ու ազգին ճակատագրին առնչուող հապշտապ համաձայնութիւններու ստորագրութեան: