Երեխային անմեղ ժպիտը անհոգ մանկութեան նշան է։ Երիտասարդին խօսուն ժպիտը խանդավառութեան նշան է։ Ծերունազարդ մարդուն խորհրդաւոր ժպիտը հոգեկան գոհունակութեան արտայայտութիւն է։
Ծաղկուն են օրերդ՝ երբ սիրոյ մղումով կը ծառայես։ Ծաղկազարդ է կեանքդ՝ երբ Քրիստոսի օրինակով բարիք կը ցանես։
Երբեմն մինակութիւն կը զգանք, որովհետեւ կը մոռնանք Աստուծոյ ամէնուրեք ըլլալը։
Եթէ ճշմարտութեան կողմնակից չենք՝ կեղծիքներով պիտի հրապուրուինք։
Միտքդ արթուն է երբ արդարադատ ես, միտքդ պայծառ է երբ իմաստուն ես, միտքդ մաքուր է երբ աղօթող ես։
Կամքի տկարութեան պատճառով մեղքերը կը բազմանան։ Ուստի «Բարի գալուստ»-ով կը դիմաւորենք չարը։
Ուշադրութեամբ լսելն ալ կարեւոր յատկութիւն է։ Բայց ընդհանրապէս շատե՜ր լաւ խօսողը կը գովեն։ Լսելը որոշ չափով համբերութեան հետ կապ ունեցող տուեալ է, իսկ խօսիլը՝ հաւանաբար համարձակութեան հետեւանք։
Մենք մեր մայրերուն խնամքը սկսած ենք վայելել մեր ծնելէն իսկ առաջ, երբ կը կազմաւորուէինք անոնց որովայնին մէջ։ Երբ անոնց սնունդով աճեցանք եւ անոնց շունչով ապրեցանք։ Ի՜նչ աստուածային խորհուրդ։ Բիւր յարգանք մայրերուն։
Մայրը սիրոյ հաւատարիմ թարգմանն է, նուիրումի խօսուն օրինակն է, գուրգուրանքի արտայայտիչն է, աղօթական բարեխօսն է եւ կեանքին գեղեցկութիւնը պարզող արուեստագէտն է։
Տան մէջ մայրերուն մատնահետքերը սիրոյ հոգեխօս հպումներ են։
Մօր նկատմամբ կարծրասիրտ եղողը ապերախտ եւ զԱստուած ուրացող է։
Մենք մեր մօր էութենէն անբաժան ենք։ Պորտալարը կը խզուի, բայց մօր նկատմամբ հոգեհարազատ կապուածութիւնը կը մնայ անքակտելի։
Մօր մահուան տխուր առթիւ սուգի զգացողութիւն չունեցողը, մարդկային կոչումէն հրաժարած մըն է։
Ընտանիքը առանց սրբութեան ենթակայ է քայքայումի։ Սիրոյ հաստատումը, յարգանքի ներկայութիւնը եւ անկեղծ հաղորդակցութիւնը մեծապէս կը նպաստեն տան սրբութեան։
Ընտանիք կազմողը ազգապահպանման վեհ գործին մասնակից կը դառնայ։
Եսասէրը նաեւ մեծամտութենէ կը տառապի։ Կ’ուզէ իր եսով ապրիլ, անձնականով բաւարարուիլ եւ սեփականով սահմանափակուիլ։
Շողոքորթը երկերես ըլլալու սահմանը անցնելով բազմերես կ’ըլլայ։
Շատ խօսող եւ քիչ հասկցնողը ժամանակդ եւ համբերանքդ չարաչար կ’օգտագործէ։ Քիչ խօսող եւ շատ հասկցնողը չափաւոր խօսելու հմտութիւն ունի եւ միտքը պարզելու իւրայատկութիւն։
Խօսքը գործի վերածողը աշխատասիրութիւնն է։ Գործը աւարտին հասցնողը յարատեւութիւնն է։
Բարի յիշատակը բարոյական հարստութիւն է, իսկ բարի օրինակը՝ առաքինի կեանքի վկայութիւն։
Շահեկան կարծիքները յարգելու ենք, մեզի կը մնայ ընտրել յարմարագոյնը, որպէսզի մեր մտահորիզոնը մնայ պայծառ եւ ըլլայ նոր արշալոյսի նախանշան։
Եթէ կեանքիդ մէջ ունիս բարիք սերմանելու փափաք, գիտութիւն տարածելու ձգտում, ծառայելու եւ սիրելու մղում, ուրեմն դուն ունիս աստուածահաճոյ ընթացք։
Եկեղեցին Տիրոջ անպատմելի սէրը կը հռչակէ, փրկութեան հրաւէրը կը փոխանցէ եւ Արքայութեան նախաճաշակը ստանալու առիթը կ’ընծայէ։
Երբ ապրինք սորվելու կամեցողութեամբ՝ աւելի հաճոյք կը ստանանք կեանքէն, անթիւ դասատուներ տարբեր ոճով եւ տարբեր առիթներով մեզի դասեր կը փոխանցեն։
Մանկութիւնը երկու խօսք է, պատանութիւնը բացման խօսք, երիտասարդութիւնը սրտի խօսք, կեանքը՝ թատերաբեմ, մարդը՝ դերակատար, արարքները՝ ներկայացում, խիղճը՝ յուշարար, միտքը՝ բեմադրիչ, իսկ ծերութիւնը՝ հրաժեշտի խօսք։
Դրական միտքեր մերժողը գործի յաջողութեան արգելք հանդիսացող խանգարիչն է։
Յաջողութիւնը հաց է, վերելքը՝ հացատուն, իսկ նուաճումը՝ հացկերոյթ։
Հեքիաթը անտառ է, վէպը՝ դաշտ, պատմութիւնը՝ պարտէզ, յօդուածը այգի, իսկ բանաստեղծութիւնը՝ ծաղկաքաղ։
Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան