Սէուտական Արաբիոյ գահակալ Մուհամմէտ պըն Սալման փակ յայտարարեց Արաբական Լիկայի 32-րդ շրջանի գագաթնաժողովը։

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ գագաթնաժողովին իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք վերադարձաւ Դամասկոս։ Նախագահ Ասատին թագաւոր Ապտուլ Ազիզ միջազգային օդակայանէն հրաժեշտ տուաւ պատուոյ առաքելութեան պետ, լիազօր նախարար Սալման պըն Հազզաա Մթէրի։