Կիրակի, 21 Մայիս 2023-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Տէրիքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ սրահէն ներս տեղի ունեցաւ գեղարուեստական կոկիկ ձեռնարկ մը, Ս. Աստուածածին կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտներուն եւ ՀՄԸՄ-ի Սկաուտական Կորիզի գայլիկներուն եւ արծուիկներուն մասնակցութեամբ։
Տէրիքի թաղական խորհուրդի ատենապետ Սերոբ Սուսանեան բարի գալուստ մաղթեց Սրբազան Հօր եւ Տէրիքի Հայութեան անունով որդիական սիրոյ ջերմ ողջոյններ փոխանցեց անոր։
Գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրի ընդմէջէն Ս. Աստուածածին կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտները Ս. Գրիգոր Նարեկացիի «Նարեկ» աղօթամատեանէն եւ Ս. Ներսէս Շնորհալիի «Հաւատով Խոստովանիմ» աղօթաշարէն աղօթքներ արտասանեցին, ինչպէս նաեւ Ս. Աստուածածինի նուիրուած շարականներ երգեցին։
Այնուհետեւ, ՀՄԸՄ-ի Սկաուտական կորիզի գայլիկներն ու արծուիկները ազգային երգեր ներկայացուցին եւ Սիլվա Կապուտիկեանի «Խօսք Իմ Որդուն» բանաստեղծութիւնը տպաւորիչ կերպով ասմունքեցին:

Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեան խօսք առնելով շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան Հօր, հովուական գօտեպնդող այցելութեան համար եւ անդրադառնալով կիրակնօրեայ դպրոցի եւ ՀՄԸՄ-ի աշխոյժ գործունէութեան, գնահատեց գեղարուեստական յայտագիրով հանդէս եկող պատանիները։

Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան բարի գալուստ մաղթեց Սրբազան Հօր, հովուական օրհնաբեր այցելութեան համար։ Ան յայտնեց, թէ այսօրուան գեղարուեստայան ձեռնարկը ցոյց կու տայ Տէրիքի զաւակներուն ազգային ոգին եւ հայեցի կրթութիւնը։ «Թուրքիոյ սահմանամերձ ըլլալով հանդերձ Տէրիքի հայութիւնը կառչած կը մնայ իր ազգային արժէքներուն», աւելցուց ան։ Ապա, ան Տէրիքի թաղականութեան եւ ժողովուրդին կողմէ փղոսկրեայ եւ արծաթեայ գլուխով ասա մը նուիրեց Սրբազան Հօր եւ հրաւիրեց զինք փոխանցելու իր սրտի խօսքը։
Սրբազան Հայրը յայտնեց, որ գեղարուեստական ձեռնարկը ո՛չ միայն գնահատանքի արժանի է եւ մեզ հպարտութեան զգացում կը շնորհէ, այլ հրաշքի համազօր նախաձեռնութիւն մըն է։
Սրբազան Հայրը իր ուրախութիւնը յայտնեց ի տես երկու տարի առաջ հայերէնին լաւապէս չտիրապետող աշակերտները այսօր Նարեկացիի, Շնորհալիի աղօթքները կ՚արտասանեն եւ մեր եկեղեցւոյ շարականները կ՚երգեն։ Հետեւաբար, ան մեծապէս գնահատեց Ս. Աստուածածին կիրակնօրեայ դպրոցին եւ ՀՄԸՄ-ի Սկաուտական կորիզին բերած ներդրումը ազգային ոգի ներշնչող եւ հայեցի կրթութիւն ջամբող գործունէութեան համար։

Գեղարուեստական ձեռնարկէն ետք, Սրբազան Հայրը հանդիպումներ ունեցաւ Տէրիքի Թաղական Խորհուրդին, ՍՕԽաչի «Սարդարապատ» մասնաճիւղի վարչութեան, Ս. Աստուածածին կիրակնօրեայ դպրոցի ուսուցչական կազմին, ՀՄԸՄ-ի Սկաուտական կորիզի յանձնախումբին եւ Ազգ. Ազատութիւն վարժարանի տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին հետ։
Հանդիպումներու ընթացքին, Հովիւ-Հօտ սերտ յարաբերութեամբ արծարծուեցան ներկայ մարտահրաւէրները եւ համագործակցաբար զանոնք յաղթահարելու կարելիութիւնները՝ ծառայութեան եւ եղբայրսիրութեան ոգիով։
Սրբազան Հայրը մեծապէս գնահատեց նուիրաբար ծառայող ժողովականները եւ իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցելով՝ բարեյաջող գործունէութիւն մաղթեց անոնց։