Շաբաթ, 20 Մայիս 2023-ի երեկոյեան, Գահիրէի ՀԲԸ Միութեան «Սաթենիկ Ճ. Չագըր» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ նոր լոյս տեսած անգլերէն հատորի մը՝ “A World in Letters, Personal letters (1916-1919) of Janig H. Chaker” գիրքին շնորհանդէսը:

Երեկոյին բացումը կատարեց Մարինա Սիմոնեան-Պըլըքտանեան, որ բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, խօսեցաւ Սաթենիկ Չագըրի եւ անոր իշխանական նուիրատւութեան մասին, թուելով այն գործունէութիւնը, որ ՀԲԸ Միութիւնը Եգիպտոսի մէջ կը տանի, Ս. Չագըր հիմնադրամին շնորհիւ:
Ասփէ Ճիզմէճեան-
Կապէյեան խօսեցաւ Ճանիկ Հ. Չագըրի կեանքին մասին, ապա ներկայացուց բանախօսուհի դոկտ. Մարուշ Երամեան, որ նամակներու այս հաւաքածոյին խմբագիրն է:

Բանախօսուհին ներկայացուց Չագըր հիմնադրամով լոյս տեսած գիրքը, որ կը խմբէ Ճանիկ Հ. Չագըրի անգլերէն լեզուով գրած նամակները իր խօսեցեալին՝ Սաթենիկ Թոփալեանին (ապա՝ տիկին Ճանիկ Չագըր), որ Մանչէսթըր (Անգլիա) կ’ապրէր, որմէ ետք խօսեցաւ բնոյթին մասին նամակներուն, զանոնք խմբաւորելէ ետք «Անհատական», «Եգիպտոսի նուիրուած» եւ «եգիպտահայութեան նուիրուած» խորագիրներու տակ:
Բանախօսութեան կ’ընկերանային բաւական թիւով լուսանկարներ, առնուած Ճանիկ եւ Սաթենիկ Չագըր արխիւէն, որ պահ դրուած է ՀԲԸՄիութեան Գահիրէի արխիւատան մէջ:

Նամակներէն առնուած հատուածներ ընթերցեցին պարմանուհիներ Լիա Նիկոլեանն ու Սարին Լուսարարեանը:

Երեկոյին փակումը հակիրճ խօսքով մը կատարեց ՀԲԸ Միութեան Գահիրէի մասնաճիւղի ատենապետ դոկտ. Ճորճ Սիմոնեան:

Երեկոն վերջ գտաւ հիւրասիրութեամբ, որուն շուրջ խմբուած ներկաները երկար ատեն շարունակեցին զրուցել: