Նախագահութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի, Կիրակի, 21 Մայիս 2023-ի առաւօտուն, ուխտաւորներու հանրակառքերը Գամիշլիէն մեկնեցան դէպի Տէրիք, ուր իրենց մասնակցութիւնը բերին Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։
Սրբազան Հօր կ՚ընկերակցէին Ազգ. Վարչութեան անդամ Գուրգէն Գալուստեան եւ Կրօնական Ժողովի անդամ Արժ. Տ. Գառնիկ Քհնյ. Չափանեան։
Պատարագէն ետք, Գամիշլիէն եկող ուխտաւորներուն միացան Տէրիքի ուխտաւորները, որոնց թիւը կը հասնէր շուրջ 250-ի։
Ուխտագնացութիւնը կազմակերպուած էր Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի ցուցմունքներով, ՍՕԽաչի «Արցախ» մասնաճիւղին եւ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ եկեղեցասիրաց տիկիններու յանձնախումբին կողմէ, համագործակցաբար Տէրիքի ՍՕԽաչի «Սարդարապատ» մասնաճիւղին։
Ուխտաւորները նախ այցելեցին Հաքամիէ գիւղը, որ հայկական գիւղ եղած է եւ ուր ապաստանած են Հայոց Ցեղասպանութենէն փրկուած հայորդիները։ Հոն կը գտնուի Սրբուհի Շուշան ուխտատեղին, որ կը կրէ Ս. Վարդան Մամիկոնեանի դուստրին անունը։ Այնտեղ, Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան ամփոփ կերպով բացատրութիւն տուաւ ուխտաւորներուն՝ սրբուհիին եւ ուխտատեղիին մասին։ Ուխտաւորները մոմ վառելով աղօթեցին, հայցելով Ս. Շուշանին բարեխօսութիւնը, ապա միասնաբար Ս. Աստուածածինին նուիրուած օրհներգութիւններ երգեցին։
Ապա, անոնք մեկնեցան Պարապէյտա Ս. Աստուածածին եկեղեցին, որ Դ. դարուն կառուցուած եկեղեցի մըն է, ուր ժամկոչը Սրբազան Հօր ներկայութեամբ եկեղեցւոյ պատմականը ներկայացուց։ Ուխտաւորները ի խորոց սրտէ աղօթեցին եւ Ս. Կոյս Մարիամին նուիրուած շարականներ երգեցին։
Ուխտաւորներուն մէջ ներկայ էին մեծ թիւով երիտասարդներ եւ երիտասարդուհիներ, որոնք խանդավառուելով Սրբազան Հօր գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ բակէն ներս ազգային եւ հայրենասիրական երգեր երգեցին։
Ուխտագնացութեան վերջին հանգրուանը հին Տէրիքի Ս. Աստուածածին եկեղեցին էր, ուր տեղւոյն սարկաւագը ամփոփ կերպով Գ. դարուն կառուցուած եկեղեցւոյ պատմականը ներկայացուց, որմէ ետք Սրբազան Հայրը ուխտաւորներուն ուղղեց իր հայրական խօսքը, լուսարձակի տակ առնելով Ս. Աստուածածինի առաքինի, խոնարհ, հեզ եւ Աստուծոյ կամքին հնազանդ վարքը։
Սրբազան Հայրը հրաւիրեց ուխտաւորները որպէս քրիստոնեաներ իրենց հայեացքը ուղղելու Աստուածամօր կերպարին եւ Անոր օրինակով ապրելու աստուածահաճ կեանք մը։ Սրբազան Հայրը Աստուածամօր բարեխօսութիւնը խնդրելով պատուիրեց մայրերուն, որ շարունակ աղօթեն, խնդրելով, որ Աստուածամայրը իր օրհնութիւնը տարածէ իրենց զաւակներուն վրայ։

«Աստուծոյ բաժինը Աստուծոյ, կայսրին բաժինը կայսրին» սկզբունքով, ուխտաւորները «Բարատայս» ճաշարանէն ներս սիրոյ սեղանի շուրջ կիսեցին հացը եւ ուրախ տրամադրութեամբ համախմբուեցան ճաշի սեղանի շուրջ։ ՍՕԽաչին կողմէ բարի գալուստի խօսք արտասանուեցաւ, ողջունելով ներկայութիւնը Սրբազան Հօր, Ազգ. Վարչութեան եւ Կրօնական Ժողովի անդամներուն, Թաղական Խորհուրդին եւ հաւատացեալներուն։
Ան ըսաւ, որ այս ուխտագնացութիւնը աննախընթաց նախաձեռնութիւն մըն է Տէրիքի մէջ, որովհետեւ առաջին անգամ ըլլալով կը կազմակերպուի ՍՕԽաչի եւ Եկեղեցասիրաց տիկիններու համագործակցութեամբ եւ այս մէկը կը պարտինք Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հայր Սուրբին յարատեւ քաջալերանքին եւ աշխատանքին։ Ան յայտնեց, որ ուխագնացութիւնը առաւել իմաստ եւ նշանակութիւն ստացաւ Սրբազան Հօր նախագահութեամբ եւ ներկայութեամբ, որուն համար ան շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան Հօր, որ իր սուղ ժամերէն տրամադրեց եւ իր ներկայութեամբ քաջալեր հանդիսացաւ։
Ճաշի ընթացքին, տաղանդաւոր երիտասարդներ Ատուր Ադամեան եւ Յովիկ Կարապետեան սիրայօժար կերպով երգեցին եւ ճոխացուցին մթնոլորտը, երգեհոնի ընկերակցութեամբ՝ Քրիստափոր Միքայէլեանի։
ՍՕԽաչը եւ եկեղեցասիրաց տիկիններու յանձնախումբը յայտարարեցին, որ այսօրուան ուխտագնացութեան նիւթական հասոյթը պիտի տրամադրուի նորակառոյց եկեղեցւոյ շինարարական աշխատանքներուն։
Երեկոյեան, ուխտաւորները մեծ գոհունակութեամբ եւ հոգեկան հրճուանքով վերադարձան իրենց տուները, մաղթելով, որ համագործակցութեամբ տեղի ունեցած նման ուխտագնացութիւններ յառաջիկային եւս կատարուին։