«Արդար Ռուսիան՝ Յանուն Ճշմարտութեան» կուսակցութեան նախագահ, Պետդումայի կուսակցութեան խմբակցութեան ղեկավար Միրոնով հանդիպած է ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանին եւ ՀՀ Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր, ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանին հետ: Սերկէյ Միրոնով շնորհակալութիւն յայտնած է հիւրերուն այցելութեան համար՝ յիշեցնելով, որ «Արդար Ռուսիան. Յանուն Ճշմարտութեան» կուսակցութիւնը եւ ՀՅԴ-ն վաղեմի բարեկամութիւն ունին եւ առաջարկած է մեկնաբանել Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւնը Լեռնային Ղարաբաղը որպէս Ատրպէյճանի տարածք ճանչնալու Երեւանի պատրաստակամութեան մասին։

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան յայտնած է, որ Դաշնակցութիւնը այդ հարցով ոչ միայն չէ աջակցած Հայաստանի գործող իշխանութեան, այլեւ կտրականապէս դէմ է Լեռնային Ղարաբաղէն հրաժարելու քաղաքականութեան։

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ներկայացուցիչներուն կարծիքով՝ Նիկոլ Փաշինեան իրաւունք չունի խօսիլ Լեռնային Ղարաբաղի բոլոր բնակիչներուն անունով։

Իր կարգին Սերկէյ Միրոնով ըսած է, որ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ հակամարտութիւնը խաղ է Արեւմուտքին ձեռքը։
«Մեծ հաշիւով, հաւաքական Արեւմուտքին խորթ են եւ՛ Հայաստանի եւ՛ Ատրպէյճանի ազգային շահերը: Թերեւս Արեւմուտքը ատիկա կը հասկնայ, բայց անոր պէտք է հարթակ մը, ուր պիտի կարենայ ոտնահարել Ռուսիոյ շահերը», ընդգծած է քաղաքական գործիչը։