22 Մայիսի 2023-ի մամլոյ ասուլիսին ՀՀ վարչապետի պաշտօնը զբաղեցնող անձը անթաքոյց յայտարարեց Արցախը եւ Տաւուշի ու Արարատի մարզերու նախկին անկլաւները Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան մէջ ճանչնալը, որ ՀՀ վարչախումբի կողմէն հետեւողական կերպով իրականացուող հակապետական եւ հակազգային քաղաքականութեան հերթական դրսեւորում է։

Թուրք-ատրպէյճանական տանդէմին հետ ձեռք ձեռքի տուած Հայաստանի այսօրուան իշխանութիւնը ծրագրուած կերպով կը փորձէ կտրել մեր ժողովուրդի դիմադրութեան ոգին՝ անխուսափելի կործանումի տանելով երկիրը։

Պարտութիւններու, կորուստներու, նուաստացումներու ընթացքը կը թեւակոխէ նոր փուլ։ Այս իշխանութեան պաշտօնավարման ամէն մէկ օրն ու ժամը այլեւս գոյութենական սպառնալիք է։

Սակայն ամէն ինչ տակաւին կորսուած չէ, վիճակը կարելի է շտկել, մենք ունինք այդ ներուժը։ Ազգային ուժերու ջանքերու մէկտեղումով անհրաժեշտ է օր առաջ վերականգնել Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութիւնը եւ բեկում մտցնել վիճակի մէջ։ Ուժեղ, արդար, արժանապատիւ Հայաստանն է գրաւականը մեր անվտանգութեան ու ապագայ յաջողութիւններուն։ Բայց նախ պէտք է կանխել կենսական զիջումներ պարտադրող անձնատուական (կապիտուլացիոն) նոր պայմանագիրերու ընդունումը՝ բացառելով առանց ժողովուրդի անմիջական մասնակցութեան որեւէ համաձայնութեան կայացում։

Հայաստանի որեւէ իշխանութեան որեւէ գործողութիւն, որ կասկածի տակ կը դնէ Արցախի մէջ կատարուած հանրաքուէներու արդիւնքները, Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութիւնն ու անոր անքակտելի մասը կազմող անկախութեան հռչակագիրը, ի սկզբանէ առ ոչինչ են։

Մենք պիտի չհանդուրժենք հայ ազգի շահերը ոտնահարող պարտադրուող համաձայնութիւնները։ Արժանապատիւ ու հայրենատէր բոլոր հայերը այս առումով ընելիք ունին։ Մենք կը հաւատանք՝ միասին կրնանք բեկել պատմութեան ընթացքը։

ՀՅԴ ԲԻՒՐՕ
23 Մայիս 2023