Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին անդրադառնալով Սուրիոյ Արաբական Լիկայ վերադարձի որոշումին ըսաւ. «Ուրախ ենք արաբական աշխարհէն ներս տեղի ունեցած հաշտութեան եւ համերաշխութեան համար. երեւոյթ մը, որ յոյս ներշնչեց տարածաշրջանի ժողովուրդներուն»։
Ան շնորհաւորեց Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատը Արաբական Լիկայի գագաթնաժողովին Սուրիոյ Հանրապետութեան մասնակցութեան առիթով, որմով արաբական մեծ ընտանիքը միաւորուեցաւ։