Սուրիոյ կառավարութիւնը Հուսէյն Արնուսի նախագահութեամբ գումարած իր հերթական նիստին ընթացքին քննարկեց Սուրիոյ տնտեսական եւ կենցաղային իրավիճակը։ Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ յառաջիկայ օրերուն քաղաքացիներուն դիմագրաւած կենցաղային տարբեր դժուարութիւններու մեղմացման համար կառավարութեան որդեգրելիք քայլերուն շուրջ։
Սուրիոյ Փոխադրութեան Նախարարութեան յանձնարարուեցաւ Սուրիական Օդանաւային Ընկերութեան միջոցով եւ Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան հետ գործակցաբար Սուտանի սուրիական համայնքի զաւակները դուրս բերել երկրէն, նկատի ունենալով տեղւոյն տագնապալի վիճակը։