Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը յայտարարեց, որ անհեռատես քայլերով Արցախը Ատրպէյճանի կազմին մէջ ճանչնալով Հայաստանի իշխանութիւնները արցախցիները պիտի կանգնեցնեն նոր ցեղասպանութեան եւ հայրենազրկման առջեւ: Արցախի անկախութիւնը, Հայաստանի տարածքները ենթակայ չեն սակարկութիւններու, նշուած է խորհուրդի նախանցեալ օր ընդունած յայտարարութեան մէջ:

«Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը դատապարտելի եւ անընդունելի կը նկատէ խաղաղութեան պատրուակով «հիմնաւորուող» միակողմանի զիջումները», կը նշէ մայր աթոռը Ս. Էջմիածինը:

Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը կը յորդորէ իշխանութիւններուն հրաժարիլ «պարտուողական մտայնութենէն եւ անկէ բխող կործանարար քայլերէն, համազգային մարտահրաւէրներու յաղթահարման համար գտնել խելամիտ ու արժանապատիւ լուծումներ»: