Չորեքշաբթի, 24 Մայիս 2023-ին, առաւօտեան ժամը 10:15-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան պատուիրակութեամբ այցելեց Ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ Ճեզիրէի Առաջնորդ Մար Մորիս Ամսիհ եպիսկոպոսին, համայնքի Առաջնորդարանէն ներս, ուր ջերմապէս դիմաւորուեցաւ։
Սրբազան Հօր պատուիրակութեան կողքին հանդիպումին ներկայ գտնուեցան ասորի ուղղափառ համայնքի քահանայ հայրեր եւ քաղտէացի համայնքի մոնսնիոր Նիտալ Թովմաս:

Եղբայրական սիրոյ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին արծարծուեցան եկեղեցիները յուզող զանազան նիւթեր։
Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ եկեղեցիներուն սերտ գործակցութեան եւ այցելութեան առիթով հայկական ձեռագործ խաչ մը նուիրեց Ասորի Ուղղափառ Առաջնորդին եւ Քաղտէացի համայնքի մոնսնիորին։

Հանդիպումէն ետք, Սրբազան Հայրը, Ասորի Ուղղափառ Առաջնորդին եւ Քաղտէացի համայնքի մոնսնիորին հետ պատուիրակութեամբ ուղղուեցան դէպի «Թալ Ուարտիաթ» վանքը, ուր ջերմապէս դիմաւորուեցան վանահայր Տ. Աֆրամին կողմէ:
Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ անոնք աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած, փառաբանելով Ս. Երրորդութիւնը: Ապա, Սրբազան Հայրը շրջեցաւ վանքի զանազան բաժինները եւ ծանօթացաւ վանքէն ներս տարուող աշխատանքներուն: Այցելութեան աւարտին, հիւրասիրութիւն կատարուեցաւ ի պատիւ Սրբազան Հօր: