Աշխարհի մէջ չկայ կայուն խաղաղութիւն, կատարեալ երջանկութիւն եւ երանական հանգստութիւն։ Ժամանակները եղած են տագնապալի, պայմանները՝ խառնաշփոթ, իրավիճակները՝ տարօրինակ, մեղքերը՝ բազմատեսակ, մոլորեցուցիչ հոսանքները բազմաբնոյթ, բարոյական ախտերը՝ անբուժելի եւ փրկութեան կանչը շատերու համար դարձած է անլսելի։ Խաբկանքներով լեցուն այս աշխարհը հրապուրիչ պատկերով կը ներկայանայ։ Ուստի մարդիկ յաճախ կը  մոռնան  յաւիտենական ճշմարտութիւնները, հոգեւոր սկզբունքները, Աւետարանին պատգամները եւ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը։ Եթէ նայինք այսօրուան տառապեալ աշխարհին, հաւանաբար աւելի զգանք, թէ անմիջական կարիք ունինք մխիթարուելու։
Հնարքները ցաւը մեղմացնող  ժամանակաւոր միջոցներ են։ Մարդկային հնարաւորութիւնները վիշտը փարատող մակերեսային  լուծումներ են։ Խիղճն ալ նոյնիսկ սխալ դատումներ  կը  կատարէ։ Ահա թէ ինչո՛ւ մեր Տէր՝ Քրիստոս կ’ըսէ. «…Ժամանակ պիտի գայ, երբ ո՛վ որ ձեզ սպաննէ՝ պիտի կարծէ թէ Աստուծոյ ծառայութիւն կը մատուցանէ» (Յհ 16.2)։
Հողածիններս մեր պանդխտութեան տարիներուն կը փափաքինք նուազագոյն ձեւով տառապիլ։ Այլ խօսքով  ապրիլ առանց ցնցիչ պատահարներու եւ դժուար պայմաններու։ Ընդհանրապէս երեւոյթով կը դատենք, մարդկային «ակնոցով» կը վերլուծենք եւ Աստուծոյ կամքին համակերպելու որոշումը կը յետաձգենք։ Սովորաբար մեր ճիգերուն, ծրագիրներուն, փորձառութիւններուն եւ կարելիութիւններուն կը վստահինք, իսկ երբ նեղ կացութեան մատնուինք յուսահատեցուցիչ կը թուի ներկան, անբաղձալի կը նկատենք ապագան, նոյնիսկ «անտեղի եւ անժամանակ» կը համարենք մեզ յուզող անսպասելի պատահարները եւ կը սկսինք փնտռել մխիթարութիւն։ Մահկանացուներս կ’ուզենք երկրի վրայ ապրիլ դրախտային կեանք, կ’ուզենք ժամանակաւոր այս կեանքի ընթացքին վայելել յաւիտենական ուրախութիւն։ Մինչդեռ հոս, այս աշխարհին մէջ, մնայուն չէ ուրախութիւնը։ Կա՞յ արդեօք անձ մը, որ  հարազատի մը մահուան առիթով, տխուր դէպքի մը հետեւանքով, ննջեցեալ հարազատները վերյիշելով, մեղքի մը համար զղջալով կամ ձախողութեան հանդիպելով՝ ցաւ, վիշտ, ափսոսանք եւ տկարութիւն  չզգայ։ Նմանօրինակ իրավիճակներուն տոկալը եւ համբերելը խոհեմութիւն է։
Հոս կը կայանայ  Սուրբ Հոգիին տեղը եւ դերը հաւատացեալին կեանքին մէջ։
Սուրբ Հոգին հրաշալի կերպով կը ներգործէ։ Ան շնորհքներով կը զարդարէ, պարգեւներ կը բաշխէ, Տիրոջ խօսքին զօրութիւնը կը յայտնէ, ճշմարտութիւնը կը ծանուցէ, հաւատացեալը կը ներշնչէ, եկեղեցւոյ սպասաւորը կ’օծէ, Մկրտուածին մարմինը Աստուծոյ տաճարի կը վերածէ, Ս.Պատարագի արարողութեան ընթացքին կը ներգործէ, աղօթողներուն համար կը բարեխօսէ եւ կը մխիթարէ։
Եկէ՛ք ուշադրութիւն դարձնենք Սուրբ Հոգիին մխիթարող դերին վրայ։
Նախ ի մտի ունենալու ենք թէ ո՛չ միայն սգակիրը կարիքը ունի մխիթարութեան, այլ՝ բոլորս անխտիր։ Մենք մեր հաւատքի երթը շարունակելու համար կարիք ունինք մշտական քաջալերանքի, հոգեւոր թափի ու բարոյական կորովի։ Այլապէս փորձութեան ժամանակ շուտով կը սայթաքինք եւ տագնապի պարագային անմիջապէս կը յուսահատինք։
Ուրեմն Սուրբ Հոգին Իր աստուածային զօրութեամբ մեր ընթացքը կ’ուղղէ, կը զօրակցի, օգնական կ’ըլլայ, որպէսզի Քրիստոսի  հետեւինք եւ Իր հաւատարիմ աշակերտները կոչուինք։ Քրիստոս կ’ըսէ. «Բայց Մխիթարիչը՝ Սուրբ Հոգին, որ Հայրս ձեզի պիտի ղրկէ իմ անունովս, անիկա ձեզի ամէն ինչ պիտի սորվեցնէ եւ յիշեցնէ ինչ որ ես ձեզի ըսի» (Յհ 14.26)։
Այս խոստումը կատարուեցաւ Պենտեկոստէի օրը, երբ առաքեալները Սուրբ Հոգիով լեցուեցան եւ Քրիստոսի վկաները հանդիսացան։
Առաքեալներուն պտղաբեր քարոզութիւնը, աստուածահաճոյ ծառայութիւնը, հաւատքին տարածումը, հոգեւոր ծաղկումը Սուրբ Հոգիին ներկայութեան ազդու նշաններէն էին։
Տէր Աստուած Իր սէրը յայտնեց նախ Իր Միածին Որդին աշխարհ ղրկելով (Յհ 3.16-17), ապա Իր Սուրբ Հոգին ղրկելով։ Առաքեալը կ’ըսէ.«Աստուծոյ սէրը տեղ գտած է մեր սիրտերուն մէջ՝ մեզի տրուած Սուրբ Հոգիին միջոցաւ» (Հռ 5.5)։
Մխիթարիչ Սուրբ Հոգին անբաժան է մեր կեանքէն, անշուշտ եթէ հաւատքի մղումով  խնդրենք Իր օգնութիւնը եւ ակնկալենք հրաշալի միջամտութիւնը մեր առօրեայէն ներս։ Սուրբ Հոգին անորոշ կամ պատահական զօրութիւն չէ, այլ Ամենասուրբ Երրորդութեան Երրորդ Անձն է, որ Տիրոջ պատգամները կը յիշեցնէ, կը մխիթարէ, եւ ի խնդիր եկեղեցւոյ շինութեան հարկ եղած պարգեւները կը բաշխէ։ Պօղոս առաքեալ կ’ըսէ.«Քանի որ հոգեւոր պարգեւներուն կը փափաքիք, ջանացէք մանաւանդ տիրանալ ա՛յն պարգեւներուն՝ որոնք եկեղեցւոյ օգուտին կը նպաստեն»(Ա.Կր 15.12)։
Այստեղ առաքեալը կը պարզէ պարգեւներուն նպատակը։ Եկեղեցւոյ պայծառութեան ծառայելու է աստուածատուր պարգեւը, որուն տուիչը Սուրբ Հոգին է (Տես Ա.Կր 12.11)։ Ան հոգեւոր պարգեւներ առատապէս կը բաշխէ որպէսզի Տիրոջ փառքը հռչակուի, զօրութիւնը յայտնուի, կամքը բացայայտուի, խորհուրդը ծանուցուի, ճշմարտութիւնը հաստատուի, առաքինի ապրելակերպին կարեւորութիւնը շեշտուի, հոգեւոր պաշտամունքին ուղին պարզուի եւ Աստուծոյ որդեգրութեան շնորհքը ընկալելու սուրբ գործը իր կատարումին հասնի։
Հոգին մշտագոյ էութիւն է, Հօրը եւ Որդիին հետ կը պաշտուի որպէս Աստուած։ Անբաժանելի սուրբ Երրորդութեան երրորդ Անձն է Ան։ Երկըրպագելի է Իր աստուածութեամբ եւ կը մեծարուի Իր հրաշագործ զօրութեամբ։
«Աղբիւր անսպառելի», «բաշխող շնորհաց», «Անքննելի», նման բնորոշումներով  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ շարականագիր հայրերը վայելուչ  փառաբանութիւն եւ օրհներգութիւն ընծայած են Սուրբ Հոգիին՝ մասնաւորելով Անոր գործունէութեան երեսները։
Աստուածաշունչը Սուրբ Հոգին Աստուած կը կոչէ (Տես Բ.Թգ 23.2-3։ Գրծ 5.3-5 եւ Ա.Կր 3.16)։
Կ. Պոլսոյ տիեզերական ժողովը, հայրապետներու մասնակցութեամբ  «Հաւատամք»-ին մէջ շեշտեց Ս. Հոգիին «Անեղ» ըլլալը, որ կը նշանակէ եղած չէ, ստեղծուած մը կամ արարած մը չէ։
Սուրբ Հոգին նաեւ Ինք կը կառավարէ եկեղեցին։ Լուսահոգի Զարեհ Արք. Ազնաւորեան կ’ըսէ.«Եկեղեցւոյ ծիսական կեանքը ամբողջութեամբ Սուրբ Հոգիին առաջնորդութեան յանձնուած է»։
Հետեւաբար մենք հաւատքով կը դաւանինք եւ ճշմարտապէս կը խոստովանինք ամենասուրբ Երրորդութիւնը, որուն երրորդ Անձն է Սուրբ Հոգին։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետ խօսելով Սուրբ Երրորդութեան մասին կ’ըսէ. «Երեք կատարեալ անձեր, մէ՛կ կատարեալ կամք. անպատմելի եւ անքննելի է Երրորդութեան միութիւնը. մէ՛կ իսկութիւն է, մէ՛կ էութիւն, մէ՛կ աստուածութիւն՝ Հայր եւ Որդի եւ Հոգի Սուրբ, երեք անձեր մէ՛կ աստուածային զօրութիւն»։
Կարիքը ունինք Սուրբ Հոգիին, յատկապէս երբ կ’ընդունինք թէ Արքայութեան բնակիչ դառնալու հրաւիրուած ենք։ Ուրեմն մեր քրիստոնէական կեանքը արժեւորած կ’ըլլանք երբ Տիրոջ Սուրբ Հոգիին կրակը ներգործէ մեր մէջ. այն ատեն  հոգեւոր պաշտամունք կը մատուցենք, կեղծ «աստուածները» կը մերժենք, մեղքի աղտեղութենէն կը մաքրուինք եւ ջերմեռանդ հոգիով կ’ապրինք։
Պօղոս առաքեալը կ’ըսէ. «Սուրբ Հոգիին կրակը մի՛ մարէք ձեր մէջ» (Ա.Թս 5.19)։
«Ան որ ականջ ունի՝ թող լսէ թէ Հոգին ի՛նչ կ’ըսէ եկեղեցիներուն» (Յյտ 3.13)։
Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան