Օրեր առաջ տեղի ունեցան Թուրքիոյ խորհրդարանական ու նախագահական զոյգ ընտրութիւնները, որոնք ի միջի այլոց, տարածաշրջանային նշանակութիւն ունէին: Անկախ առաջին փուլի արդիւնքներէն եւ երկրորդ փուլի հաւանական արդիւնքներէն, ընտրութիւնը յատկանշական էր չափազանց գնահատելի եւ նախանձելի երեւոյթով՝ ժողովրդային մասնակցութեան պատկերով:
Թուրք քաղաքացիներուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը մասնակցեցաւ  ընտրութիւններուն: Թուային տուեալներով՝ երկրին մէջ բնակող եւ քուէարկելու իրաւունք ունեցողներուն 88,9%-ը, իսկ արտասահմանէն 52,7%-ը: Իրապէս պատկերը խօսուն էր, մանաւանդ եթէ նկատի առնենք որ ամենաժողովրդավար ու յառաջդիմած երկիրներուն մէջ անգամ (ԱՄՆ, Ֆրանսա, Աւստրիա…) այս տոկոսաւորումով մասնակցութիւններ չեն իրականանար:
Նման մասնակցութիւն կարելի է վերագրել քանի մը կէտի.
1- Թուրք ժողովուրդին մօտ քաղաքացիական պարտաւորութիւններու բարձր գիտակցութիւն:
2- Երկրի ճակատագիրը որոշող ընտրութեան մէջ մասնակցելու անհրաժեշտութեան զգացում ու ըմբռնում:
3- Ազգային-հասարակական կեանքի մէջ դերակատարութիւն ունենալու ցանկութիւն:
Այստեղ հարկ է թարմացնել մեր յիշողութիւնը եւ վերյիշել հայրենի երկրի 2021-ի արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւնները, բաղդատութիւն մը կատարելու եւ եզրակացութեան մը հասնելու համար: Այդ օրերուն, 44-օրեայ մարտին պարտուած մեր երկրէն ներս իրականացաւ վաղաժամ խորհրդարանական ընտրութիւն, ցանկալի քաղաքական փոփոխութեան լաւագոյն առիթը ընծայելով ժողովուրդին: Անկախ յուսախաբութիւն պատճառող արդիւնքէն, ընտրութեան ժողովրդային մասնակցութեան տոկոսաւորումն էր 51%:
Այդ պատկերը մասամբ կը բացատրէր նաեւ մեր պարտութեան պատճառներէն մէկը, որն էր մեր ժողովուրդին զգալի մասին, որպէս պատասխանատու քաղաքացի, անհոգութիւնն ու անպատասխանատուութիւնը հայրենիքին ու պետութեան հանդէպ: Բնականաբար ժողովուրդին կողքին իրենց պատասխանատուութիւնը ունէին Հայաստանի յաջորդական իշխանութիւնները, որոնք ընտրութիւնները դարձուցած էին իրենց սեփական «խաղալիքը» եւ նսեմացուցած անոր իսկական արժէքը, որուն հետեւանքով ալ քաղաքացին անտեսած էր իր պարտականութիւնը որպէս քուէարկող:
Պարտութեան յաղթահարումը այստեղէն ալ կը սկսի (եթէ տակաւին տրամադիր ենք յաղթելու): Հարկ է իւրաքանչիւր հայու համոզել, որ իր քուէարկութիւնը ազդեցիկ է, որ ինք կրնայ իր ազգին կեանքէն ներս դերակատարութիւն մը ունենալ ու հարկ եղած պահուն, իրավիճակը յեղափոխել եւ յեղաշրջել: Այս մասին պէտք է բարձրաձայն խօսիլ՝ իւրաքանչիւրին մէջ ամրապնդելու այն հաւատքը, որ իրմով ալ կրնայ սկսիլ, իրմով ալ կրնայ մղում ստանալ հայրենիքին յառաջընթացը եւ ոչ թէ հակառակը, այլապէս որքան ալ նուաճումներ արձանագրենք որպէս անհատներ, եւ որքան ալ սարեր բարձրանանք որպէս «ես»-եր, հաւաքականօրէն միշտ ալ պիտի մնանք յաղթուած եւ ձորերու մէջ կորած:
Հայկ Պաթթալեան