Հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսին եւ կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» Մատենադարանին, Ս. Ներսէս Դ. Շնորհալի հայրապետին վախճանման 850 ամեակը նշուեցաւ միօրեայ գիտաժողովով։ Այն տեղի ունեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ, Ուրբաթ, 26 Մայիս 2023-ին։

Այստեղ կարեւորութեամբ ընդգծենք, որ օր մը առաջ սրբազան համերգով եւ Ներսէս Շնորհալի հայրապետին նուիրուած այս գիտաժողովով, համահայկական ու համաքրիստոնէական մակարդակի վրայ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը եղաւ առաջինը, որ նախաձեռնեց Շնորհալիի նուիրուած ձեռնարկներ։

Հինգ զեկուցաբերներ ներկայացուցին Շնորհալի հայրապետը.-

1) Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան (Դպրեվանքի տեսուչ)՝ «Ս. Ներսէս Շնորհալի Հովուապետը»

2) Փրոֆ. Վահէ Թորոսեան (Մաշտոցեան Մատենադարանի գիտաշխատող)՝ «Ս. Ներսէս Շնորհալին Եւ Կիլիկեան Հայկական Պետութիւնը»

3) Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան («Կիլիկիա» Մատենադարանի, հնատիպերու ու ձեռագիրներու բաժանմունքներու տեսուչ)՝ «Ս. Ներսէս Շնորհալի Մեկնիչը»

4) Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան (Կաթողիկոսարանի միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց յանձնախումբի ատենապետ)՝ «Ս. Ներսէս Շնորհալի Էքիւմէնիստը»

5) Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան՝ «Ս. Ներսէս Շնորհալի Ծիսագէտ-Շարականագիրը»։

Զեկոյցներու ներկայացումէն եւ իւրաքանչիւր թեմայի քննարկումէն ետք, եւ նախորդ օրուան՝ Շնորհալիի ձօնուած սրբազան համերգին եւ այսօրուան գիտաժողովի քննարկումներու լոյսին տակ, վերլուծական եզրափակիչ իր Հայրապետական պատգամը փոխանցեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը։

Նշենք, որ իւրաքանչիւր զեկոյցի աւարտին Դպրեվանքի Ընծայարանի սաները հրամցուցին Շնորհալի հայրապետին հոգեւոր գանձերէն, շարականներէն ու աղօթքներէն պատառիկներ։

Գիտաժողովը աւարտեցաւ «Կիլիկիա» օրհներգի երգեցողութեամբ։