Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան 105-րդ ամեակին առիթով, Չորեքշաբթի, 24 Մայիս 2023-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, նախագահութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի, ՍՕԽաչի «Լոռի» մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ կազմուած երգչախումբը, զոր Սրբազան Հայրը «Գարուն» անունով մկրտեց, իր անդրանիկ ելոյթը ունեցաւ եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս:
Ելոյթին Սրբազան Հօր կողքին ներկայ գտնուեցան Ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ Ճեզիրէի Առաջնորդ Մար Մորիս Ամսիհ, քաղդէացի համայնքի մոնսնիոր Նիտալ Թովմաս, Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երիտասարդ միաբաններէն Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան, ազգ. կրօնական ժողովի անդամ Արժ. Տ. Գառնիկ Քհնյ. Չափանեան, Ճեզիրէի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեան, թեմի յարաբերական մարմինի անդամ Խաչիկ Մելքոնեան, Հասիչէի թաղական խորհուրդի ատենապետ Արմէն Նալպանտեան եւ ժողովուրդի հոծ բազմութիւն:
Երգչախումբը իր անդրանիկ ելոյթով խանդավառութիւն եւ կենսունակութիւն պարգեւեց ժողովուրդին:
Ելոյթը ընդգրկեց ազգասիրական եւ հայրենասիրական երգեր, ինչպէս նաեւ հայերէն եւ արաբերէն լեզուներով ասմունքներ:
Երգչախումբի խմբավարն էր Բարշ. Գրիգոր սրկ. Նիկողոսեան:

Աւարտին, ՍՕԽաչի «Լոռի» մասնաճիւղի ատենապետուհին բեմ բարձրանալով իր ուրախութիւնը յայտնեց Սրբազան Հօր հովանաւորութեան եւ ներկայութեան համար, ապա ան հրաւիրեց Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանը փոխանցելու իր խօսքը:
Հայր Սուրբը գնահատեց եւ իր հպարտութիւնը յայտնեց ի տես նորաստեղծ երգչախումբի անդմաներուն խանդավառող ելոյթը, ապա ան հրաւիրեց Սրբազան Հայրը իր հայրական պատգամը փոխանցելու:
Սրբազան Հայրը հաստատեց, թէ երգչախումբին ունեցած ելոյթը մեծագոյն վկայութիւնն է, որ հայը միշտ կայ եւ պիտի մնայ, որովհետեւ հայը ստեղծագործ եւ յարուցեալ ժողովուրդ է, հակառակ մեր պատմութեան ընթացքին թշնամիներուն կատարած փորձերուն:
Սրբազան Հայրը յայտնեց, թէ թշնամին փորձեց սպաննել հայ ժողովուրդի ազատութեան ոգին, սակայն հայը Մայիսեան հերոսամարտերու յաղթանակով կերտեց իր անկախութիւնը գարնանաշունչ ոգիով, որուն ճամբով մենք՝ նոր կեանք, նոր շունչ եւ նոր յոյս ունեցանք:
Սրբազան Հայրը Անկախութեան տօնի գարնանային մթնոլորտին մէջ նորակազմ երգչախումբը մկրտեց «Գարուն» անունով, որպէսզի մնայուն կերպով եւ Մայիս 28-ի յաղթանակներու հեռանկարով, հոգիով, նախանձախնդրութեամբ, ազգասիրութեամբ եւ հայրենասիրութեամբ Հասիչէի հայութեան կեանքը առաւել ծաղկեցնէ եւ իր ելոյթներով նոր հոգի եւ շունչ պարգեւէ, ինչպէս այսօրուան ելոյթով, գեղեցիկ մատուցումով, մեկնաբանութեամբ, հայերէնախօսութեամբ եւ հայերէն երգեր երգելով մեծ խանդավառութիւն ստեղծեցին:
Մակար Սրբազան գնահատեց Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդին գլխաւորութեամբ գործող Հասիչէի ՍՕԽաչի, թաղական խորհուրդի անդամները, բոլոր պատասխանատուները եւ երգչախումբի խմբավարն ու երգողները, որոնք համագործակցաբար Ճեզիրէի շրջանը առաւել կը պայծառացնեն։
Երգչախումբի ելոյթը իր աւարտին հասաւ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ» աղօթքով: