Հայաստանի Հանրապետութեան Մարդասիրական Խումբի Հալէպի կեդրոնէն ներս այսօր առաւօտ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման 105-ամեակի փառաշուք յիշատակումը:

Հանդիսաւոր ձեռնարկին նեկայ էին Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան, Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհի. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեան, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական համայնքի պետ վերապատուելի դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխաններ՝ դոկտ. Լիւսի Իսկէնեան եւ Ժիրայր Րէիսեան, Բերիոյ Հայոց Թեմի Յարաբերական Մարմինի ներկայացուցիչ Վրէժ Եագուպեան, Ազգ. Երեսփոխանական, Կրօնական ժողովի եւ Ազգային վարչութեան անդամներ, հալէպահայ մշակութային եւ բարեսիրական միութիւններու ներկայացուցիչներ։

Հոգեւոր, ազգային եւ միութենական մարմիններու ներկայութիւնը նշանաւորեց օրուան խորհուրդը՝ միասնութեան յարկին ներքեւ, հանդիսաւոր պայմաններու մէջ տօնել Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան 105-ամեակը։

Օրուան բանախօս ՀՀ մարդասիրական առաքելութեան ընդհ. պատասխանատու գնդապետ Արկատի Տօնոյեան շնորհաւորեց ներկաները Մայիս 28-ի 105-ամեակին առիթով եւ մաղթեց, որ Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը դիմաւորեն նոր արշալոյսներ:
Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը յայտնեց, որ հայ հոգեւորական դասը որպէս ժողովուրդին մէկ մասնիկը իր մասնակցութիւնը բերած է հայրենիքի կերտման պայքարին, որպէս օրինակ յիշելով Գէորգ Ե. Սուրէնեանց կաթողիկոսը, որ Սարդարապատի ճակատամարտի բախտորոշ օրերուն, հակառակ զինուորական ղեկավարութեան պահանջին, չէ տեղափոխուած ապահով վայր, այլ վճռած է կռուիլ ժողովուրդին կողքին:

Իր կարգին Հայ Աւետարանական Համայնքապետ Վեր. դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան շնորհաւորեց ներկաներն ու մեր ժողովուրդը Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման 105-ամեակին առիթով, մաղթելով որ մեր հայրենիքը կանգուն մնայ ու յաղթահարէ ներկայ ծանր պայմանները:

Բերիոյ Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհի. Տէր Պետրոս Արք. Միրիաթեանի «Պահպանիչ» աղօթքով ձեռնարկը հասաւ իր աւարտին: