28 Մայիսին Հայաստանի առաջին հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի արձանի յարակից հրապարակին մէջ տեղի ունեցաւ «Տէր ենք Մեր Հայրենիքին» խորագիրով պետականութեան վերականգնումի 105-ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւնը:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան յայտարարեց՝ պիտի պայքարին՝ թոյլ չտալու համար, որ օրուան իշխանութիւնը երկիրը յանձնէ թշնամիին։

«Հայաստանի իշխանութեան ղեկին յայտնուած խմբակը չ’արտայայտեր հայ ժողովուրդին կամքը։ Յանձնուելու օրակարգը մեր ժողովուրդին օրակարգը չէ, հետևաբար, հայ ժողովուրդը պիտի պայքարի իր հայրենիքին համար, եւ որեւէ փաստաթուղթ, որ պիտի ընդունուի այս իշխանութիւններուն կողմէ, որով Արցախը պիտի ըլլայ Ատրպէյճանի կազմին մէջ, առ ոչինչ է, ղեկավսրութիւն չունի, եւ մեր ժողովուրդը ատիկա չ’ընդունիր։

Նախաձեռնութեան ելոյթներով հանդէս եկան մանկավարժ Աստղիկ Աբրահամեան, ՀՅԴ Հայասատանի Գերագոյն Մարմնի անդամ Տարօն Տօնոյեան, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան:

28 Մայիսով կերտուած Հայաստանի Հանրապետութիւնը Ցեղասպանութեան արհաւիրքէն վերջ հայոց հրաշափառ յարութիւնն էր: Մեր նորագոյն պատմութեան մեծագոյն յաղթանակն է 28 Մայիսը, որով ապահովուեցաւ մեր ժողովուրդի գոյատեւումը եւ աշխարհի քարտէզին վերադարձած իր անկախ հայրենիքի մէջ ապրելու եւ զարգանալու կարելիութիւնը, իր ելոյթին մէջ ըսաւ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեան:

«Օրհասական այդ օրերուն հայ ժողովուրդը կրցաւ զարթնեցնել իր մէջ այն ուժականութիւնը, որ խիզախ եւ ներշնչող հայրենակերտ ղեկավարներու առաջնորդութեամբ, հայութիւնը վերածեց երկաթեայ բռունցքի», ընդգծեց ան:

Հանրահաւաքի աւարտին ցոյցի մասնակիցները երթով ուղղուեցան դէպի «Նեմեսիս» յուշարձան, ուր օրուան խորհուրդին եւ «Նեմեսիս» գործողութեան արժեւորման խօսք ըսաւ հայ մամուլի գործիչ Վաչէ Բրուտեան: