ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի ելոյթը` պետականութեան վերականգնման 105-ամեակին նուիրուած ձեռնարկին.

«Սիրելի՛ ժողովուրդ,
28 Մայիսով կերտուած Հայաստանի Հանրապետութիւնը Ցեղասպանութեան արհաւիրքէն ետք հայոց հրաշափառ յարութիւնն էր: Մեր նորագոյն պատմութեան մեծագոյն յաղթանակն է 28 Մայիսը, որով ապահովուեցան մեր ժողովուրդի գոյատեւումը եւ աշխարհի քարտէզին վերադարձած իր անկախ
հայրենիքին մէջ ապրելու եւ զարգանալու հնարաւորութիւնը:

Օրհասական այդ օրերուն հայ ժողովուրդը կարողացաւ զարթնեցնել իր մէջ այն ուժականութիւնը, որ խիզախ եւ ներշնչող հայրենակերտ ղեկավարներու առաջնորդութեամբ, հայութիւնը վերածեց երկաթեայ բռունցքի:

Եւ տեղի ունեցաւ հրաշքը, բռնցքուած ժողովուրդը ետ մղեց թրքական բանակը եւ կերտեց հայկական առաջին հանրապետութիւնը:

Դաշնակցութիւնը ստանձնելով երկրի ղեկը` լծուեցաւ պետականութիւնը կազմակերպելու, յառաջդիմական հիմքեր հաստատելու եւ հայացնելու գործին: Անձեւ քաոէսէն կերտեց արդիական կարգեր, հասաւ Ցեղասպանութենէն ճողոպրած մնացորդացի կարիքներուն, հաստատեց հայեցի կրթութեան համակարգ եւ համալսարան, կարեւորեց հայ կանանց դերակատարութիւնը եւ 1919-ին նոյնիսկ հռչակեց միացեալ Հայաստանի տեսլականի իրականացման գործընթացը:

Այսօր ալ հայրենիքը ճգնաժամի մէջ է. բայց երբեմնի հայրենանուէր իշխանութեան փոխարէն` ունինք պարտուողական, յանձնուողական եւ իր էութենէն դատարկուած պետական ղեկավարութիւն. 1918-ի առաջնորդները նուիրումով եւ անսասան հաւատքով տոգորուած պատասխանատու անձինք էին, որոնք գերագոյն զոհողութիւններու գնով անհնարինը հնարաւոր կը դարձնէին. այսօր ալ լուծումը նոյնն է` մենք պարտաւոր ենք հաւատալ մեր ուժերուն, յաղթահարել հիասթափութիւնները եւ մերժել մեզ` պարտադրուած կեղծ արժէքներն ու օրակարգերը:

Մենք արցախեան ճակատի վերջին պարտութիւնը լոկ ճակատամարտի կորուստ կը նկատենք ու անպայման յաղթելու ենք շարունակուող պատերազմին.
Մենք Հայաստանի այսօրուան իշխանութեան պարտուողական եւ յանձնուողական քաղաքականութեան կտրուկ դէմ ենք եւ անպայմանօրէն վերականգնելու ենք հայ ժողովուրդի մարտունակութիւնը եւ մայիսեան գոյամարտերու օրինակով սխրանքներ գործելու կամքը.

Մենք կ՛ապրինք այնպիսի տարածաշրջանի մէջ, ուր թոյլը չի կրնար գոյատեւել. մենք կարող ենք եւ պէտք է կերտենք ուժեղ պետութիւն` հզօր բանակով, որպէսզի զարգանանք առանց զիջելու. եւ պարտաւոր ենք կանխել որեւէ կենսական զիջումներ ենթադրող պայմանագիր` բացառելով առանց ժողովուրդի անմիջական մասնակցութեան որեւէ համաձայնութեան կայացում:

Եւ մենք կը խոստանանք դաշնակցականի վայել վճռակամութեամբ շարունակել պայքարը:
Այո՛, մենք տէրն ենք մեր հայրենիքին:
Այո՛, մենք պաշտպանն ենք Հայաստանի ու Արցախի բոլոր իրաւունքներուն, որոնցմէ որեւէ նահանջ անթոյլատրելի է:

Մենք մարտահրաւէրներէ երկնչողը չենք. մենք վստահ ենք, որ ազգային ուժերու համախմբումով կարող ենք բեկանել պատմութեան ընթացքը, ինչպէս կատարեցինք Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի եւ Բաշ Ապարանի ճակատամարտերու արդիւնքով:
Եւ հանրապետութեան հիմնադիր Արամի յուշարձանի առջեւ հաւաքուածներս այսօր կը վերանորոգենք մեր ուխտը` ազատագրելու հայրենիքն ու հայութիւնը ամէն տեսակի կապանքներէ ու անիրաւութենէ:
Կեցցէ՛ Հայաստանը,
Կեցցե՛ն Արցախի Հանրապետութիւնն ու արցախահայութիւնը,
Կեցցէ՛ աշխարհատարած ողջ հայութիւնը»:

28 Մայիս 2023
Երեւան