Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի, Կիրակի, 27 Մայիս 2023-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Կրթասիրաց Մշկթ. Միութեան «Զ. Գաբրիէլեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Կրթասիրաց Յարութիւնեան Մանկապարտէզի «Անցեալը եւ Ներկան» խորագիրը կրող վկայականաց բաշխման հանդէսը, որուն ներկայ գտնուեցան Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, Առաջնորդի Օգնական Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան, Ազգ. Վարչութեան անդամ տիար Արմէն Գասպարեան, Կրթասիրաց Մշկթ. Միութեան Խնամակալութեան ատենապետ տիար Կարպիս Պարտաքճեան, Կրթասիրաց Ս. Չէմպէրճեան Երկրդ. Վարժարանի Հոգաբարձութեան անդամներ, Վարժարանի տնօրէն երկրչփ. Անդրանիկ Պօղոսեան, պետական տնօրէնուհի տիկ. Ապիր Մուսան-Ատամ, Ծնողաց յանձնախումբը, հրաւիրեալներ եւ շրջանաւարտներու ծնողները։
Հանդէսին բացումը կատարուեցաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգներով, ապա ներկաները յոտնկայս յարգեցին յիշատակը Սուրիոյ եւ Հայաստանի նահատակներուն։

Բեմին մէկ բաժինը յարդարուած էր անցեալը խորհրդանշող իրերով, իսկ միւս մասը՝ ներկայի արդիական յարդարանքով եւ համացանցային ծրագիրներու նշանակներով։

Բացման խօսք արտասանեց մանկապարտիզպանուհի տիկ. Ուաատ Զգոյշեան, որ յայտնեց, թէ շրջանաւարտ աշակերտները երեք տարիներու ընթացքին սորվեցան զանազան գիտելիքներ եւ երեք տարբեր լեզուներ, լաւապէս իւրացուցին հայերէն այբուբենը եւ իրենց նկարագիրը կերտեցին՝ հաստատ քայլերով մուտք գործելու ուսումնական բարձր կարգեր։ Անդրադառնալով հանդէսի խորագիրին, ան յայտնեց, թէ մեր անցեալն ու ներկան միասին կը կազմեն ապագան։ Ան շնորհաւորեց ծնողները, շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարանի հոգաբարձութեան, վաստակաշատ տնօրէն երկրչ. Անդրանիկ Պօղոսեանին, Ծնողաց յանձնախումբին եւ մանկապարտէզի ուսուցչական կազմին։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ մանկապարտէզի բարերարներուն։
Օրուան հանդիսավարութիւնը կատարեց Մարինա Պօղիկեան։ Արաբերէն լեզուով բացման խօսք արտասանեցին խումբ մը փոքրիկներ։

Գեղարուեստական յայտագիրը արգասիքն էր Կրթասիրաց Յարութիւնեան Մանկապարտէզի ուսուցչական կազմի խմբային աշխատանքին: Թատերական պատկերներով, պարերով եւ արտասանութիւններով փոքրիկ շրջանաւարտները ներկայացուցին անցեալին կառչած մնալու ուժն ու զայն ներկային կամրջելու կարեւորութիւնը։ Անոնք անդրադարձան ընտանիքի դերակատարութեան եւ հակառակ ներկայ ժամանակաշրջանի արդիական ապրելաոճին, մեր անցեալէն եկող արժէքներուն եւ մայրենի լեզուին պահպանման կարեւորութեան։

Շրջանաւարտ Սարհատ Շապոյեան իր փոքրիկ մատիկներով երգեհոնի վրայ գեղեցիկ մեղեդի մը նուագեց։ Աշակերտները հայերէն եւ արաբերէն լեզուներով բանաստեղծութիւններ արտասանեցին, ապա հայկական, արաբական ու օտար պարերով եւ երգչախմբային երգերով խանդավառեցին ներկաները։

Վարժարանի տնօրէն երկրչ. Անդրանիկ Պօղոսեան փոխանցեց իր խօսքը, շնորհաւորելով շրջանաւարտ փոքրիկները եւ անոնց ծնողները։
Ան գնահատեց մանկապարտիզպանուհիին եւ մանկապարտէզի ուսուցչուհիներուն հոգատար աշխատանքը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Ազգային Իշխանութեան, Կրթասիրաց Մշկթ. Միութեան խնամակալութեան, վարժարանի Հոգաբարձութեան, Ծնողաց յանձնախումբին, մանկապարտէզին սատար կանգնող բոլոր մարմիններուն, պետական տնօրէնուհիին, Հալէպի սեփական դպրոցներու տնօրէնուհիին, կրթական տնօրէնութեան եւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Սուրիոյ Վսեմաշուք Նախագահ տոքթ. Պաշշար ալ-Ասատին, որուն իմաստուն ղեկավարութեամբ սուրիահայութիւնը, որպէս սուրիական հայրենիքի բաղադրիչ մէկ տարրը կը վայելէ երկրի բոլոր բարիքները։

Շրջանաւարտներու ձեռամբ ծաղկեփունջով գնահատուեցաւ մանկապարտիզպանուհի տիկ. Ուաատ Զգոյշեանը՝ իր հոգատար աշխատանքին համար։
Աւարտին, Սրբազան Հօր ձեռամբ կատարուեցաւ վկայականաց բաշխումը: Ապա, իր սրտի խօսքը փոխանցեց Սրբազան Հայրը, որ յայտնեց, թէ այսօր ցնծութեան եւ կրկնակի յաղթանակի օր է, որովհետեւ կը զուգադիպի Սարդարապատի, Բաշ-Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի հերոսամարտի յաղթանակներուն եւ 28 Մայիս 1918-ին կերտուած ՀՀ անկախութեան 105-ամեակի յիշատակի օրուան։
Սրբազան Հայրը գնահատեց մտայղացումը հանդէսի խորագիրին, որուն առնչուող յայտագիր ներկայացուցին Ծաղիկ դասարանի աշակերտները, յայտնելով, թէ որքա՜ն կարեւոր է անցեալը յիշել, անցեալին զուգորդուած ներկան ապրիլ՝ ապագայի տեսիլքով, որովհետեւ առանց մեր արմատներուն եւ ինքնութեան զօրութիւնը ստանալու, գօտեպնդուելու, սորվելու եւ ըստ այնմ մեր կեանքի ընթացքը դրսեւորելու՝ չենք կրնար յաջողիլ եւ ուշ կամ կանուխ կը կորսուինք։
Սրբազան Հայրը բարձրօրէն գնահատեց հոգատար աշխատանքը մանկապարտիզպանուհիին եւ մանկապարտէզի կրթական մշակներուն, որոնք նախանձախնդրութեամբ, լրջութեամբ եւ պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ աշակերտները կը թրծեն ազգային արժէքներով։ Ան մաղթեց, որ շրջանաւարտներուն կեանքը մնայուն յաջողութիւններով պսակուի եւ անոնք հասակ առնելով օրհնութիւն եւ բարիք դառնան իրենց ծնողներուն եւ շրջապատին։

Մակար Սրբազան շնորհաւորեց Միութեան Խնամակալութիւնը, վարժարանի հոգաբարձութիւնը, տնօրէնութիւնը, Ծնողաց յանձնախումբը, մանկապարտիզպանուհին, կրթական մշակներն ու շրջանաւարտներուն ծնողները եւ ամենաբարին մաղթեց ծննդավայր Սուրիոյ, մեր հայրենիքին՝ Հայաստանին, Արցախին եւ ողջ աշխարհին։

Հանդէսէն ետք, կարկանդակի հատում կատարուեցաւ վարժարանի շրջափակէն ներս։